Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Թուրքիան Մտադիր Է Սառեցնել Միացեալ Նահանգներու Հետ Զինուորական Եւ Տնտեսական Համագործակցութիւնը

April 28, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է դադրեցնել պաշտպանութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իր աղբիւրին:

Գործակալութիւնը կը նշէ, որ թուրք նախագահը նման մտադրութիւն յայտնած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութենէն ետք:

Աղբիւրին տուեալներով` Էրտողան Միացեալ Նահանգներու դէմ պատասխան քայլեր կը նախապատրաստէ: Այդ քայլերը ան պէտք է քննարկէր կառավարութեան նիստին ընթացքին: Նախատեսուող քայլերէն է պաշտպանական ոլորտի եւ տնտեսական համագործակցութեան մասին երկկողմ համաձայնագիրի սառեցումը:

Տուեալ համաձայնագիրը երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական ոլորտին մէջ համագործակցութեան առանցքային փաստաթուղթերէն մէկն է, որուն համաձայն, Անգարան եւ Ուաշինկթընը կը փոխանակեն հետախուզական տուեալներ, միացեալ ռազմափորձեր կը կատարեն, ինչպէս նաեւ կ՛ապահովեն ամերիկացիներու` Թուրքիոյ մէջ գտնուող օդուժի ռազմակայաններ հասանելիութիւնը:

Միւս կողմէ, «Իզվեսթիա» հաղորդեց, որ Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի 26 ապրիլին յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վերջին յայտարարութիւնը պէտք չէ ազդէ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ զինուորական յարաբերութիւններուն վրայ:

«Մենք որեւէ փոփոխութիւն չենք ակնկալեր Թուրքիոյ հետ զինուորական յարաբերութիւններուն մէջ: Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի մէջ (մեր) դաշնակիցն է: Մենք չենք ակնկալեր, որ նախագահի այս յայտարարութիւնը, որ ան կատարեց շաբաթավերջին, որեւէ ձեւով պիտի ազդէ անոնց վրայ», ըսած է ան:

Քըրպի նաեւ յոյս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ զինուորական կապերը միայն պիտի ուժեղանան:

 

 

Նախորդը

Պահչելի Կոչ Կ՛ուղղէ Ի Պատասխան Պայտընին «Էս-400»-ները Մարտական Հերթապահութեան Դնել

Յաջորդը

Փութին Եւ Մաքրոն Պիտի Յայտարարեն Արցախի Հիմնախնդիրի Լուծման Ուղղուած Նոր Նախաձեռնութեան Մասին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.