Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զանգեզուրի Վերաբերեալ Ալիեւի Յայտարարութիւնը Սպառնալիք Չէ Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան» Կ՛ըսէ Ապտուլայեւա

April 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Լէյլա Ապտուլայեւա մեկնաբանած է մէկ օր առաջ Զանգեզուրի վերաբերեալ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կատարած յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին յայտարարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը:

Ան նշած է, որ Ազրպէյճանի նախագահը 20 ապրիլին իր տուած հարցազրոյցին մէջ խօսած է «Ազրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի վրէժխնդրութեան եւ անոր տարածքային ամբողջականութեան հաւանական սպառնալիքի մասին»:

Ապտուլայեւա յիշեցուցած է Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը, ըստ որուն, «եթէ իրենք հաւանական սպառնալիք յայտնաբերեն, ապա անմիջապէս զայն պիտի ոչնչացնեն… որովհետեւ ատիկա ազգային պաշտպանութիւն է, ազգային անվտանգութեան խնդիր»:

Ապտուլայեւա շեշտած է. «Ալիեւի ըսածը սպառնալիք չէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս կը պնդէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը, այլ ընդհակառակն` միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող որեւէ վտանգի արձագանգելու վճռականութեան ցուցիչ է»:

Ան նաեւ նշած է, որ պետութեան ղեկավարը իր հարցազրոյցին մէջ ընդգծած է, որ Ազրպէյճանը պատրաստ է համագործակցութեան:

«Ալիեւ շեշտած է, որ հակառակ Հայաստանի կողմէ պետական մակարդակով ազրպէյճանցիներու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան, մեր պատմական, մշակութային, կրօնական յուշարձաններու ոչնչացման, անհրաժեշտ է ապագային նայիլ», մանրամասնած է Ապտուլայեւա:

Ամփոփելով իր խօսքը` դիւանագիտական ներկայացուցիչը հաստատած է, որ Ազրպէյճանը պատրաստ է կարգաւորելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն, մասնաւորաբար` գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութեան հիման վրայ:

«Ճիշդ ատոր ուղղուած է 9 նոյեմբեր 2020-ին եւ 11 նոյեմբեր 2021-ին ստորագրուած եռակողմ հռչակագիրներուն իրականացումը», ըսած է Ապտուլայեւա:

Յիշեցնենք, որ Ալիեւ յայտարարած էր, որ Զանգեզուրի միջանցքին ստեղծումը ամբողջովին կը համապատասխանէ Ազրպէյճանի ազգային, պատմական եւ ապագայի շահերուն:

«Մենք պիտի իրագործենք Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծման առաջադրանքը, ատիկա Հայաստանը ուզէ, թէ ոչ: Եթէ Հայաստանը ուզէ, ատիկա դիւրին կարելի է լուծել, եթէ չուզէ, մենք ատիկա ուժով պիտի լուծենք», ըսած էր Ալիեւ «ԱզԹի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին:

«Սփութնիք Ազրպէյճան» կը հաղորդէ, որ Ալիեւ աւելցուցած էր. «101 տարի ետք ազրպէյճանցի ժողովուրդը պիտի վերադառնայ Զանգեզուր»:

Բացի ատկէ, Ալիեւ նշած էր. «Պաքուն չի կրնար Հայաստանին արտօնել իր բանակը հասցնել այնպիսի վիճակի, որով ան կարենայ սպառնալ Ազրպէյճանին»:

 

 

Նախորդը

«Շուշիի Մէջ «Իսքանտեր»-ներու Բեկորներու Յայտնաբերման Վերաբերեալ Ամբողջական Պատասխանի Բացակայութիւնը Ափսոսանք Կը Յառաջացնէ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

«Ռուսիան Առանցքային Դեր Խաղացած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինեալ Տագնապը Դադրեցնելու Գործին Մէջ» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.