Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ 23 յունուարին 127 թեր եւ 86 դէմ քուէներով որդեգրուած էր Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ, պիտի վիճարկուի Սահմանադրական խորհուրդին մէջ:
Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակէն «Ազդակ»-ին յայտնեցին, որ օրինագիծը վիճարկելու համար 65 երեսփոխաններու եւ 76 ծերակուտականներու ստորագրութիւնը ապահովուած է. ըստ օրէնքի, այդ քայլին դիմելու համար անհրաժեշտ էր 60 երեսփոխանի կամ 60 ծերակուտականի ստորագրութիւնը ապահովել:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ողջունեց ֆրանսացի խորհրդարանականներուն դիմումը: Ան նշեց, որ ֆրանսացի ծերակուտականները Սահմանադրական խորհուրդ դիմելով «կը պաշտպանեն իրենց երկրին պատմական արժէքները»: Ան աւելցուց, որ Թուրքիա ուշադիր կը հետեւի օրինագիծին շուրջ արձանագրուած զարգացումներուն եւ կ՛ակնկալէ, որ Սահմանադրական խորհուրդը արդարացի որոշում տայ:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին ըսաւ, որ ֆրանսացի ծերակուտականները Ֆրանսայի ժողովրդավարական աւանդութիւններուն համապատասխանող քայլի ձեռնարկած են: «Ասիկա յարիր էր ֆրանսացի քաղաքական գործիչներուն: Կը հաւատամ, որ անոնք անհրաժեշտ ամէն ինչ կատարեցին: Թուրքիան, ներառեալ` ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, քաղաքացիական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, կատարեցին ամէն ինչ, ինչի համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ: Յուսամ` Սահմանադրական խորհուրդը այժմ պիտի ընէ այն, ինչ որ անհրաժեշտ է: Ֆրանսայի մէջ աշխատանքը տակաւին չէ աւարտած, անհրաժեշտ քայլերը կը կատարուին», ըսած է Էրտողան:
Իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտնեց, որ «բազմադարեայ ժողովրդավարական աւանդութիւններ ունեցող երկրի խորհրդարանականները իրենց արժէքներուն պաշտպանութեան համար ճիշդ քայլ կատարեցին»:


