Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆԱՑԱԾ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՇԱՐՔ ՄԸ ՀԱՐՑԵՐ

February 1, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման:

Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ նախքան նիստին սկսիլը դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Սլէյմանի հետ` քննարկելու համար երկրին իրադարձութիւնները:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լիբանանցի քաղաքացիներուն առօրեային վերաբերող հարցերը չքաղաքականացնել, այլ` անոնց յարմար լուծումներ գտնել:

Նախագահին խօսքէն անմիջապէս ետք, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր իր խօսքը ուղղելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլին յայտնեց, որ ով որ մազութ կը հոտի եւ գաղտնի համաձայնութիւններ ստորագրած է այս իմաստով, չի կրնար պատիւի մասին խօսիլ եւ փտածութեան դէմ պայքարիլ:

Նախագահ Սլէյման կրցած էր հակակշռել բանավէճը եւ պարտադրած, որ ժողովը շարունակէ քննարկել օրակարգին վրայ նախատեսուած հարցերը:

Կառավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգեց բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն` «Ալֆա»-ի եւ «Էմ. Թի. Սի. Թաչ»-ի աշխատանքը, նկատել տալով, որ տուեալ ընկերութիւնները ընդունած էին հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պայմանները:

Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ ապահովական կառոյցներուն տրուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն տեղեկութիւններուն վերաբերող թղթածրարը, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի ժամանումէն ետք:

Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ ելեկտրական հոսանքի տագնապին հարցը, որուն շրջագիծին մէջ բանավէճ մը արձանագրուեցաւ նախագահ Սլէյմանի եւ նախարար Պասիլի միջեւ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ երբ Պասիլ ելեկտրականութեան տագնապին մասին կը խօսի, ապա ան պէտք է կառավարութեան անունով խօսի եւ ոչ թէ իր ներկայացուցած քաղաքական ուժին:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութեան նախագահը պէտք է նշանակուի ըստ կարգի ու կանոնի եւ ոչ թէ քմահաճոյքի:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՀՆԱՈՒԻՆ

Յաջորդը

ՀՅԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.