Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մղձաւանջը

April 19, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Յանկարծական էին քառասունվեց տարի առաջ քաղաքացիական (դուրսէն դրդուած) պատերազմն ու անոր առթած սարսափը: Անմիջապէս յաջորդեցին` աւերուածութիւն, պանդխտութիւն, չքաւորութիւն: Իսկ հիմա` ամենապարզ կեանք մը իսկ ապրելու անկարելիութիւն: Արաբին կողքին, հայ ժողովուրդն ալ, որ ապրած է տասնամեակներու վրայ երկարող այս հիւծումը, թէ՛ յուսալքուած է, երբ լուծուած հարցերը դարձեալ ու դարձեալ կը խրին անորոշին մէջ, եւ թէ՛ անուժ. առօրեան հազիւ հազ կը քաշքշէ:

Անել թուացող կացութիւն մը, ստեղծուած` այն իշխանութեան կողմէ, որ կոչուած է ղեկավարելու, կարգի դնելու երկիրը: Դրամէն սկսած` ամէն բանի պակասի՛ն ներկայութիւնը կայ միայն: Յեղափոխութիւնը խորտակել ու սլանալ կը պահանջէ. պայքա՛ր է մինչեւ յաղթանակ: Ապրուստի կարելիութիւն մնա՞ց, երբ մարդոց անձնական խնայողութիւնն իսկ կը զլացուի իրենց, իսկ շուկայի գիները բազմապատկուած են: Ուժ մնա՞ց: Իտէալ մնա՞ց: Երիտասարդութիւն մնա՞ց: Առօրեան ապրելու հնհնո՛ւքը մնաց:

Տեւական օգնութիւն ստանալը կը տկարացնէ ինքնավստահութեան մկանները, վերականգնումի երազը. ձգտում բառը չեմ գործածեր, ա՛յդ ալ հոգեկան ուժ կ՛ուզէ: «Փա՛ռք Աստուծոյ, այսօր առանց յաւելեալ փորձանքի արթնցանք» կ՛ըսեն ծնողները, եւ կը պատրաստուին դիմակալելու օրուան թաւալքը` երէկուան, առջի օրուան զրկանքներուն առընթեր: Հոգածութեան յարատեւ կարիք ունեցող երեխաներ կան, ծերեր կան, անկարողներ, հիւանդներ կան, գործազուրկեր կան:

Շփոթահար ու անդադար հարուածուող ժողովուրդին վրայ ձգելու չէ ըմբոստութեան արարքի անկարելիութիւնը: Ինչի՞ դէմ. քարը ճահիճի մէջ է, բայց տեղէն չի շարժիր: Ժողովուրդին հոգին յօժար է, բայց մարմինը` տկար: Բարեգործական կազմակերպութիւնները անկարելին իսկ կ՛ընեն, բայց մե՜ծ է փոսը: Երանի միահամուռ ջանքերով կարենայ զօրանալ ու արժանապատիւ կեանք մը ունենալ Լիբանանի մէջ տառապող մեր համայնքը:

Արժանապատիւ կեանք` ծայրագոյն մղձաւանջի մէջ թակարդուած հայ ժողովուրդին, ամէնուրե՛ք:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 17 Ապրիլ 2021)

Յաջորդը

Օծում Այլակերպութեան Պատկերի

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.