Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՎՐԱՍՏԱՆԸ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿ Է» Կ՛ԸՍԷ ՕՊԱՄԱ

February 1, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սահակաշվիլի եւ Օպամա

Ռուսական «Կազեա.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա առաջին անգամ ըլլալով Սպիտակ տան Ձուաձեւ սրահին մէջ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին հիւրընկալելէ ետք յայտարարած է, որ Վրաստան այլ երկիրներու համար կրնայ ժողովրդավարութեան ու թափանցիկութեան օրինակ դառնալ:

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Օպամա յայտնած է, որ «մենք կ՛ողջունենք ժողովրդավարութեան ու թափանցիկութեան այն բնորդը, որ անոնք կը կիրարկեն ոչ միայն իրենց երկրին, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին մէջ: Մենք յոյսով ենք, որ յառաջընթացի պահպանման պարագային յառաջիկայ տարիներուն բազմաթիւ երկիրներ եւս պիտի հաւատան, որ եթէ Վրաստան յաջողեցաւ փոխակերպուիլ, ուրեմն իրենք ալ պիտի յաջողին»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշած է, որ Վրաստան պէտք է հպարտանայ ժողովրդավար եւ գերիշխան երկիր կառուցելու գործին մէջ իր արձանագրած յառաջընթացով:

Վրաստանի նախագահը իր կարգին խոստացած է յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարել արդար ձեւով եւ ապագայ խորհրդարանին շնորհել մեծ լիազօրութիւններ: «Ես պիտի շարունակեմ ձեզի հետ բոլոր ուղղութիւններով համագործակցիլ: Եւ ոչ մէկ բան կրնայ Վրաստանը շեղել այդ ճանապարհէն, ոչ մէկ բան մեզ պիտի ստիպէ նահանջել` դէպի աւելի քիչ ժողովրդավարացում, փտած ու հինցած քաղաքական համակարգ», ըսած է Սահակաշվիլի:

Մինչ այդ, 27-30 յունուարին Սահակաշվիլի մասնակցած է Պէյզքամփ վեհաժողովի աշխատանքներուն, որոնց մասնակցած են նաեւ աշխարհի մեծ ներդրողներ եւ գործարարներ:

 

Նախորդը

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԳՐԵՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕՐԱԹԵՐԹԵՐԸ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ «ՆԱՊՈՒՔՕ»-ԻՆ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.