Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին երէկ Իսրայէլի մէջ երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն աւարտին յայտնեց, որ Նեթանիահուի հետ քննարկած է երկու երկիրները հետաքրքրող անվտանգութեան հարցեր` նշելով. «Քննարկեցինք շրջանին մէջ մարտահրաւէրներու դիմակայման համար մեր զինուորական յարաբերութիւնները ընդլայնելու կարելիութիւնները»:
Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց. «Իրանին բացարձակապէս պիտի չարտօնուի հիւլէական կարողութիւններ ձեռք բերել, եւ պիտի շարունակենք Իրանի ահաբեկչութեան դէմ մենք մեզ պաշտպանել»:



