Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի

April 13, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2021-ի ապրիլ ամիսը թեւակոխած ենք արդէն ու համայն հայութեան հետ միատեղ կը պատրաստուինք նշելու հայ ազգին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը: Մեր ազգի հաւաքական-պատմական յիշողութեան, բայց նաեւ` վերածնունդի ու պահանջատիրութեան կարեւոր թուականը:

Հայութեան համար անհանգստացնող ու վտանգաւոր պայմաններու մէջ պիտի նշենք ապրիլը այս տարի, արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ու անոր հետեւանքներու ծանր մթնոլորտին մէջ եւ յամեցող բարդ իրավիճակներու առջեւ, որ այսօր, աւելի քան երբեք, հրամայական պահանջ կը դարձնեն հայ ժողովուրդի պայքարին աշխուժացումը: Նո՛յն մեր քաջարի ժողովուրդին, որ ամենայն վճռակամութեամբ դէմ յանդիման պէտք է կանգնի բոլոր մարտահրաւէրներուն առջեւ` Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մէջ:

24 ապրիլին ընդառաջ ականատես դարձանք Հայաստանի իշխանութիւններու ապակողմնորոշող յայտարարութիւններուն, երբ հանդէս եկան հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ «ճշգրտումներ կատարելու» մտադրութեան բացայայտումով`  անոնց տալով բոլորովին սխալ ուղղութիւններ եւ արկածախնդրութիւններու նոր ու վտանգաւոր ճանապարհ բանալով հայութեան առջեւ:

Կարելի՞ է չփոթորկիլ` լսելով ապաշրջափակման թրքահաճոյ լոզունգները, որոնք հրապարակ կը նետուին այն պահուն, երբ Թուրքիա բացայայտօրէն կը շարունակէ իր թշնամական քաղաքականութիւնը Հայաստանի, Արցախի ու համայն հայութեան հանդէպ, երբ կը յոխորտայ իր դերակատարութեամբ արցախեան վերջին պատերազմին մէջ, երբ Թուրքիոյ վարչական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական օժանդակութիւնը Պաքուի կողքին էր, երբ թուրք-ազերիական յարձակողապաշտ սպառնալիքները շարունակական են` կրկնուող հայատեացութեամբ ու ցեղապաշտական զտումներու քաղաքականութեամբ:

Արդեօք կարելի՞ է երբեք նժարի վրայ դնել իրաւունքը, ազգային մեր արժանապատուութիւնը եւ պատմութիւնը:

ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն, մեր շարքային ու երիտասարդականի ընկերներով, մեր ուղեկից միութիւններով ու գաղութային կազմակերպական ամբողջական ներուժով յանձնառու կը մնանք մեր ազգային պայքարներուն առջեւ` խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի իշխող վարչակարգին կողմէ միտումնաւոր արարքները, որոնք թրքական շահերու սպասարկման կը ծառայեն:

Պահանջատէր հայութեան համար փոթորկալից վերիվայրումներով յատկանշուած են երկար տարիներու ջանքերը, որոնց շնորհիւ հայութիւնը յարգանք ու ակնածանք կը վայելէ օտար քաղաքական շրջանակներուն մօտ, հպարտութեան ազնիւ զգացումներով: Մենք բոլորս լաւապէս կը գիտակցինք, թէ պայքարներու խստապահանջ ճամբուն վրայ մեր ժողովուրդը կրնայ կազմակերպուած ուժի վերածուիլ, եթէ միայն հաւատարիմ մնայ մեր ազգային արժէքներուն հանդէպ եւ բարձր պահէ ու պահպանէ իր ազգային արժանապատուութիւնը: Եւ այդ պատճառով է, որ կը շեշտենք, թէ ամբողջովին մերժելի է ՀՀ գործող իշխանութեանց որեւէ փորձ կամ մտադրութիւն, որ կրնայ վտանգել կամ բացասական արդիւնքներ բերել հայութեան իրաւունքներու վերականգնման ուղղուած Հայ դատի պահանջատիրական երկարամեայ պայքարներուն:

ՀՅԴ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

9 ապրիլ 2021

Նախորդը

Արցախեան 1001 Պատում. «Զբօսա՞նք», Թէ՞ Վատաբանութեան Հանդէս (Ը.)

Յաջորդը

Ցաւակցական

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.