Եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումը նպաստած է շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ զարգացման նոր ձեւաչափի ի յայտ գալուն: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Եուսեֆ պըն Ահմետ Ուսայմինի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Նախարարին համաձայն, Ազրպէյճան անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկէ Արցախի` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներ մարդոց վերադարձը ապահովելու համար:
«Ասոր զուգահեռ, յայտարարելով շրջանին մէջ համագործակցութեան նոր ձեւաչափի ձեւաւորման մասին, Ազրպէյճան դրական կ՛ընկալէ զայն: Սակայն Ազրպէյճանի նման կառուցողական դիրքորոշման դիմաց մենք կը տեսնենք Հայաստանի ապակառուցողական քայլերն ու յայտարարութիւնները», ըսած է Ճէյհուն Պայրամով:



