Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն

April 8, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ի` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման նախաձեռնութիւններու նախօրեակին, թրքական ու թրքամէտ շրջանակներ թափ կու տան իրենց քարոզչաքաղաքական արշաւին` շրջանառութեան մէջ դնելով հայ եւ թուրք ժողովուրդներու կարծեցեալ բարեկամութեան այժմէականութեան, անցեալի ցաւոտ էջերը փակելու, աշխարհագրական ու հոգեմտաւոր սահմանները բանալու ու տարածաշրջանին մէջ գործակցութեան արգելքները վերացնելու անհրաժեշտութեան մասին կոչեր: Թուրքիոյ պետական այրեր, թուրք եւ օտար բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, վերլուծական կեդրոններ, քաղաքական գործիչներ, հեղինակաւոր թերթեր իւրաքանչիւր տարի յատկապէս ապրիլ ամիսին կը փորձեն շեղել բոլորին ուշադրութիւնը օրուան թեմայէն` ծառայելով Անգարայի ու նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին բարոյական պարտադրանքէն խուսանաւել փորձող բոլոր կողմերու շահերուն: Այս տարի ապրիլեան այս հերթական աճպարարութեան առաջին դիրքերուն վրայ է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը` իր առաջին դէմքով ու հեղինակազուրկ այլ պաշտօնատարներով: Գրեթէ օրական յաճախականութեամբ ականջալուր ու ականատես կ՛ըլլանք Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ «շտկումներ» ընելու, հարեւաններու` յատկապէս Թուրքիոյ նկատմամբ հայ ժողովուրդի ընկալումները վերանայելու ու բարի կամք ցուցադրելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւններու, քաղաքական խմբակի մը կողմէ, որ երեք տարուան մէջ յաջողեցաւ իր անհեռատես ու ազգակործան քաղաքականութիւններուն միջոցով ու հազարաւոր հայորդիներու արեան գնով հայրենի հողին մէկ կարեւոր մասը կորուստի մատնել` յանձնելու մեր նոյն` պատմական թշնամիներուն:

Թուրքիան ո՛չ միայն չէ փոխած իր նախապայմանային քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ դրդած է, սատարած, աջակցած եւ մասնակցած արցախեան պատերազմին: Ան մղած է Ազրպէյճանը հայկական Արցախին դէմ պատերազմ սանձազերծելու, ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու եւ ցեղային զտման նոր ծրագիրներ իրականացնելու:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ հայ ժողովուրդի պատմական անսակարկելի իրաւունքներուն, պատմական յիշողութեան անձեռնմխելիութեան ու պահանջատիրութեան իրաւացիութեան հանդէպ բոլոր նկրտումները` անկախ հեղինակներէն ու անոնց ազգային ու քաղաքական պատկանելիութենէն: Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի նախօրեակին, Հայաստանի իշխող վարչակարգին կը զգուշացնենք` զերծ մնալ արցախեան նուաստացուցիչ պարտութիւնը խաղաղասիրական եւ  արուեստական բնագիրով առաջնորդուող, սակայն միայն թրքական շահերը սպասարկող քաղաքական արարքներով ամբողջացնելէ:

Թուրքիան է՛ ու կը մնայ մեր թշնամին, այնքան ատեն որ չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, չէ հատուցած մեր պատմական բոլոր իրաւունքները:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

 

Նախորդը

Ոստիկանութիւնը Բերման Կ՛ենթարկէ Իշխանութեան Դէմ Բողոքող Կիները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Չինաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.