Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՍԿԱՆԵԱՆ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ` ԿԵԴՐՈՆԱՆԱԼՈՎ ԱՐԴԱՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՅԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՎՐԱՅ

January 31, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարդան Օսկանեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի նախագահ Վարդան Օսկանեան յայտարարեց, որ ինք խորապէս կը հաւատայ, որ Հայաստանի համար ազատ եւ արդար խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը շատ կարեւոր է:

Ըստ անոր, Հայաստան լրջագոյն եւ խորքային բարեփոխումներու կարիք ունի, եւ համոզուած է, որ երկրի բոլոր քաղաքացիները այդպէս կը մտածեն: Վարդան Օսկանեան երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ բարեփոխումներ ու փոփոխութիւններ կ՛իրականացուին, եթէ նոր խորհրդարանին մէջ քաղաքական նոր յարաբերակցութիւն ստեղծուի, եւ քաղաքական նոր յարաբերակցութիւն խորհրդարանին մէջ միայն ազատ եւ արդար ընտրութիւնները կրնան ապահովել:

«Ասիկա է իմ քաղաքական ներգրաւուածութեանս հիմնական դրդապատճառը: Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ իմ ներգրաւուածութեանս մասին խօսակցութիւնները անհիմն չեն: Բարգաւաճ Հայաստանի հետ նման քննարկումներ ունեցած եմ, բայց այլ քաղաքական ուժերու հետ նաեւ ունեցած եմ քննարկումներ: Այս պահուն ես տակաւին որոշում չեմ տուած եւ կը կարծեմ, որ վերջնական որոշման համար տակաւին ժամանակ կայ: Սակայն բացառուած չէ, որ ներքաղաքական հոլովոյթները ինծի ստիպեն, որ արագացնեմ որոշումս», ընդգծեց Վարդան Օսկանեան:

Ան նշեց, որ այսօր միաժամանակ ընթացքի մէջ են քանի մը հոլովոյթներ: Առաջինը` վարագոյրներու ետին ընթացող քննարկումներն են տարբեր կուսակցութիւններու, ներառեալ համաձայնական կառավարութեան ուժերուն միջեւ: Երկրորդը` քաղաքական դրդապատճառներով ճնշումներ տարբեր կուսակցութիւններու` յատկապէս Բարգաւաճ Հայաստանի վրայ: Երրորդը` նախընտրական այս հանգրուանին մէջ արդէն վարչական աղբիւրներու օգտագործումը ընտրական հոլովոյթին մէջ շահեկան դիրքեր զբաղեցնելու նպատակով: Եւ վերջապէս խորհրդարանի կազմաւորման հարցին մէջ ամէնէն կարեւորը` ընթացող քննարկումները մեծամասնական-համամասնական տարբերակներուն շուրջ:

Վ. Օսկանեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը հաշուի առնելով` յստակ է, որ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին բացառապէս համամասնական ընտրակարգով: Բայց ատիկա կարելի չէ, քանի որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը անզիջող կեցուածք որդեգրած է այդ հարցին շուրջ: Ըստ Օսկանեանի,  ցանկալի պիտի ըլլար, որ բոլոր այն ուժերը, որոնք կը պաշտպանեն համամասնական մօտեցումը` Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ ազգային քոնկրես, ՀՅԴ, Ժառանգութիւն, Ժողովրդական կուսակցութիւն, Ազատ դեմոկրատներ եւ ուրիշներ, այս հարցին շուրջ յառաջիկայ խորհրդարանական լսումներէն ետք այլեւս ժամանակ չկորսնցնեն եւ այս ընդհանուր մօտեցումը վերածեն քաղաքացիական շարժման` կեդրոնանալով արդար ընտրութիւններ կայացնելու վրայ, չբացառելով նոյնիսկ այդ ուժերու աւելի սերտ համագործակցութիւնը մայիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

 

Նախորդը

ԹՈՒՐՔ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «1915-Ի ԴԷՊՔԵՐԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ, ԹՈՂ ԳԱՆ ՈՒ ԶԻՍ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵՆ»

Յաջորդը

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՇՈՒՐՋ 150 ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ` ՄԷԿ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.