Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ինթեր Միլան ամրապնդեց իր դիրքը` 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Պոլոնիայի դաշտէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու (31-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ինթեր ունեցաւ ութ կէտի առաւելութիւն մը իր անմիջական մրցակիցին` Ա. Սէ. Միլանի վրայ, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Աթալանթայի հետ:
Եուվենթուս, որ հիւրը եղաւ Թորինոյին, արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի նշանակած հաւասարութեան կոլին շնորհիւ (79-րդ) Եուվենթուս պարտութենէ մը փրկուեցաւ:
Նշենք, որ 4-րդ դիրքին վրայ գտնուող Եուվենթուս այժմ 12 կէտով ետ կը մնայ Ինթեր Միլանէն:



