Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

January 31, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ապահովական աղբիւրներ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը զգուշացուցած են, որ իրենց տեղափոխութիւններուն պարագային նախազգուշական քայլերու դիմեն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ապահովական գործակցութիւնը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը իր դերակատարութիւնը լաւ ձեւով կը կատարէ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին գործադրութիւնը արգելակող ոչ մէկ խոչընդոտ կայ:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան նախագահ Ասեմ Քանսօ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը յառաջիկայ 7 եւ 8 փետրուարին Սուրիոյ մէջ պիտի մասնակցի խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին վերատեսութեան եւ բարեկարգումի պիտի ենթարկուի կուսակցութեան աշխատելաձեւը:

ՊԵՏԱԿԱՆ շուրայի նախագահ, դատախազ Շուքրի Սատեր յայտնեց, որ աշխատավարձերու յաւելման որոշումը, որ պետական պաշտօնաթերթով հրապարակուած է, պէտք է գործադրուի փետրուար ամսուան սկիզբը: Ան աւելցուց, որ փոխադրամիջոցներու համար տրամադրուած գումարները օրէնքին մէջ կարելի չէ ներառել` աւելցնելով, որ այդ իմաստով համաձայնութիւնը ձգուած է գործատէրերուն եւ աշխատաւորներուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ տակաւին Փարիզի մէջ կ՛ենթարկուի բուժման, պիտի չկարենայ յառաջիկայ 14 փետրուարին ներկայ գտնուիլ Լիբանանի մէջ իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան Է. տարելիցին առիթով տեղի ունենալիք յիշատակի ձեռնարկին:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ մինչեւ յառաջիկայ ամսուան կէսը կարելի պիտի ըլլայ կատարել գաւառապետերու նշանակումը:

ԸՍՏ «Ախպար»-ի, հարիւր լիբանանցիներ արդէն իսկ մաս կը կազմեն Սուրիոյ ազատ բանակին, որ կազմուած է սուրիական բանակէն անջատուած զինուորականներով:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ պիտի արձակուի նախնական ամբաստանութիւն մը, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի, երեսփոխան Մարուան Համատէի եւ նախկին նախարար Էլիաս Մըրի դէմ գործուած ոճիրին ու մահափորձերուն կը վերաբերի եւ զանոնք իրարու կ՛առնչէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան տրամադրելիք տեղեկութիւնները կրնան յանգիլ զանազան փորձանքներու կանխարգիլման:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու երկխօսութիւնը ամրապնդելու, որպէսզի կարելի ըլլայ վերահաստատել նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ վստահելիութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց Լիբանանի ապահովական բոլոր կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ընդգծելով, որ այդ գործակցութիւնը պէտք է կատարուի օրէնքի հիման վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Հըզպալլա միակն է, որ կրնայ գաղտնի լսումի ենթարկել Լիբանանի մէջ կատարուող հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի քուէյթեան «Սիասա»  օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կարելի չէ Լիբանանի մէջ քաղաքական անձնաւորութիւններու դէմ գործուելիք սպանութիւնները անջատել Սուրիոյ իրադարձութիւններէն:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ կառոյցներուն մօտիկ քաղաքական աղբիւրներ յայտնեցին, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ուիսամ Հասանը մահափորձի թիրախ դարձնելու հաւանականութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է Միջազգային դատական ատեանին:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ Լիբանան ներկայիս կը դիմագրաւէ պատմական, զգայուն եւ վտանգներով լեցուն հանգրուան մը` նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող պայմանները:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ կարելի չէ թոյլատրել, որ սպանութեանց մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը իշխեն լիբանանցիին կեանքին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ ազատ բանակը յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած իրանցի ճարտարապետները հիւսիսային Լիբանան չեն փոխադրուած:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Տար Ֆաթուայի մէկ պատուիրակութիւնը, որմէ ստանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով յառաջիկայ ուրբաթ, 3 փետրուարին Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկին: Շէյխ Քապալան շեշտեց, որ իսլամներուն միասնականութիւնը հիմնական է` ազգային միասնականութեան ամրապնդման առումով:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդը շեշտեց, որ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն մասին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքը զգուշացում է բոլոր քաղաքական ղեկավարութիւններուն:

 

 

 

Նախորդը

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՍՕՐ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԱՐԱԲԱԿԱՆ-ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Յաջորդը

ՈՒԱԹՔԻՆԶ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՄՆԱԼ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.