Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Փութինն Ու Ալիեւը Քննարկած Են Ղարաբաղի Նիւթը»

April 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը եւ արձանագրած, որ կացութիւնը ընդհանուր առմամբ կայուն է: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնով զրուցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Գոհունակութեամբ նշուած է, որ կացութիւնը ընդհանուր առմամբ կայուն է, իսկ զինադադարի դրութիւնը անշեղօրէն կը պահպանուի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ` «ՌԻԱ Նովոսթի», յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան,  կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին խօսած է, որ Արցախի կացութեան լուծման համար ստեղծուած եռակողմ խումբի աշխատանքին մէջ յառաջընթացի մասին:

«Մենք հանդիպած ենք հինգ անգամ, թէ՛ անձնական հաղորդակցութեան, թէ՛ ալ տեսաժողովներու դրութեամբ: Մենք իսկապէս որոշակի յառաջընթաց ունինք աշխատանքին մէջ եւ սերտօրէն կը համագործակցինք», ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը:

Օվերչուք նաեւ ըսած է, որ ռուսական կողմի ներկայացուցիչները մնայուն կապի մէջ են թէ՛ հայ, թէ՛ ալ ազրպէյճանցի գործընկերներուն հետ: Անոր համաձայն, «իսկապէս լաւ կապ ստեղծուած է»:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Սլովաքիոյ Խորհրդարանը «Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ» Բանաձեւ Որդեգրած Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.