Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահուան Դիմաց` Կեանքի Իմաց

April 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ինչո՞ւ խռոված էք եւ ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ   խորհուրդներ կ՛ելլեն:  Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս, որ ես ինքս եմ. շօշափեցէք զիս ու տեսէ՛ք…»

Ղուկ. 24. 38-39

Վերջին շրջանի մեր կեանքին մէջ շրջապատուած ենք մահուան անխուսափելի իրականութեամբ:  Մահուան ահազանգը աւելի շեշտակի կը հնչէ մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքին մէջ:  Ոչ միայն որպէս կեանքի իրականութիւն, այլ շատերու տարաժամ մահով մահը «աւելի մօտիկ» եկած է մեզի. Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթիւնով, Արցախի անհաւասար պատերազմով եւ «Քորոնա»-ի համավարակ սպառնալիքով իրենց «բնական» ժամանակէն առաջ մահացան շատ շատեր, ինչ որ վախի, անորոշութեան եւ յուսահատութեան մթնոլորտի մէջ դրաւ մեզ:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը դարձեալ կը հրաւիրէ մեզ դուրս գալու մահուան ստեղծած մթնոլորտէն, դիմաւորելու կեանքը, որ շատ աւելին է, քան ինչ որ մեր աչքերը կը տեսնեն:  «Կեանքը իր ճամբով` մահը իր ճամբով» ժողովրդական հասկացողութեան մէկ արտայայտութիւնը չէ այս, այլ` Տէր Յիսուս Քրիստոսի վերջնական յաղթանակը մահուան վրայ:  «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասիրտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի», կ՛ըսէ Տէր Յիսուս իր աշակերտներուն: Եւ Յաղթական Յարուցեալը մեզի կու գայ մահէն անդին:

Մեր հաւատամքին մէջ կը յայտարարենք. «Չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ, յերրորդ աւուր յարուցեալ, ելեալ յերկինս նովին մարմնովն` նստաւ ընդ աջմէ Հօր»: Տէր Յիսուսի աշակերտները իրենց Վարդապետին տարաժամ եւ չարչարալից մահով մատնուած էին վախի, անորոշութեան եւ յուսահատութեան:  Հաւաքուած էին տեղ մը, թերեւս` զիրար մխիթարելու համար, եւ գոցած դռները` վախով (Յովհ. 20. 19), երբ Տէր Յիսուս Քրիստոս եկաւ եւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղը` դարձեալ ասպարէզ կարդալով մահուան:  Անոնք տեսան Խաչեալը Իր կենդանի մարմնով, թէեւ` ստացած վէրքերով: Եւ Իր աշակերտներուն ալ ասպարէզ կարդալու պէս, Տէր Յիսուս կը հրաւիրէ զիրենք մօտենալու եւ շօշափելու իր վիրաւոր, սակայն յարուցեալ մարմինը:

Մեր բոլոր վիճակներուն մէջ Տէր Յիսուս մեզ եւս կը հրաւիրէ, որ Իրեն նայինք եւ տեսնենք, թէ մահուան դիմաց` կեանքին նշանով, կեանքին լուրով կը հաստատուինք: Մահուան իրականութիւնը ընդունելու եւ անոր հետ հաշտուելու հրաւէր մը չէ այս, այլ, մահէն անդին, կեանքին նայելու եւ յաղթանակի յոյսով վերականգնելու գրաւական:  Քանդուած բաները կը վերաշինուին, վէրքերը կը սպիանան, անորոշութիւնները կը փարատին եւ կեանքը կը վերանորոգէ մեզ:  Տէր Յիսուս Քրիստոս` մեր Յարուցեալ Փրկիչը այսօր եւս մեզի հետ է, ինչպէս խոստացաւ (Մատթ. 28. 20), իմաց տալու մեզի, որ կեանքը մահէն եւ մեր տեսածներէն շատ աւելին է:  Կեանքը Իրմով է:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Նախագահ, Մ. Ա. Հ. Ա. Ե. Միութեան

Ապրիլ 2021

 

Նախորդը

«Լիբանանեան Բանակը Հիմնական Տարր Է Շրջանային Կայունութիւնը Երաշխաւորելու Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմելու» Շեշտեց Վիսիարելլի

Յաջորդը

Մեր Սրտերը Ուղղենք Դէպի Աստուած

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.