Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միտըլ Իսթ» Օդանաւային Ընկերութեան Կեդրոնատեղիին Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պատուաստումի Արշաւ

March 31, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2668 վարակուածներ եւ 48 մահացածներ:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ այցելեց «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան կեդրոնատեղի, ուր յայտնեց, թէ նախարարութիւնը 750 հազար «Ֆայզըր» պատուաստ ապահոված է` աւելցնելով, որ այդ պատուաստները սեփական մարզին պիտի տրամադրուին մայիս եւ յունիս ամիսներուն ընթացքին:

Համատ Հասան նշեց, որ նախապէս ապահովուած 7 միլիոն պատուաստին կողքին, յաւելեալ 750 հազար պատուաստը պիտի յատկացուի սեփական մարզին:

Համատ Հասան «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան կեդրոնատեղիին մէջ բացումը կատարեց «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուատումի արշաւին: Ան նշեց, որ այդ արշաւը դրական մթնոլորտով մը կը համակէ երկրին ընթացքը` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Ան շնորհաւորեց «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութը, որուն նախաձեռնութեամբ կարելի եղաւ գործակցութիւն ստեղծել պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ: Հասան ընդգծեց երկու մարզերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ պետական եւ սեփական մարզերը զիրար կ՛ամբողջացնեն:

Հասան ընդգծեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը հերքէ նախարարութեան դէմ կատարուած բոլոր զրպարտութիւնները, որոնք կը յուշեն, թէ պատուաստումի հոլովոյթը նախապատուութեան հիման վրայ կը կատարուի:

«Երբ նպատակն ու միջոցը հասարակութեան շահերուն կը ծառայեն, ապա մեր կեցուածքը միշտ զօրակցական պիտի ըլլայ», շեշտեց ան:

Նշենք, որ Հասան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները, յատկապէս բժշկական մարզին մէջ:

 

Նախորդը

Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Շիիներու Գերագոյն Խորհուրդի Կեդրոնատեղի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Սպառած Վիճակի Մէջ Կը Գտնուի Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ձգած Հետեւանքներուն Պատճառով»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.