Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

March 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ անոր բրիտանացի, ֆրանսացի եւ գերմանացի պաշտօնակիցները քննարկած են Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները:

Նախարարները արծարծած են Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն եկող մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի, Իրանի, Լիպիոյ եւ Եմէնի մէջ տիրող կացութիւնները:

Նախարարները ՕԹԱՆ-ի, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը խորացնելու նկատմամբ իրենց «հաստատ կառչածութիւնը» յայտնած են` ընդգծելով տնտեսական եւ անվտանգութեան հասարակաց խնդիրներու լուծման մէջ անդրատլանտեան յարաբերութիւններու դերակատարութիւնը:

Պլինքըն կ՛այցելէ Պրիւքսել, ուր կը մասնակցի ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին: Պլինքըն այդ ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուիճի տի Մայոյի հետ:

Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այսօր Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հրաւէրով պիտի մասնակցի Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու առցանց վեհաժողովին:

Սպիտակ տունը նշեց, որ Պայտըն իր փափաքը պիտի յայտնէ աշխուժացնելու Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները եւ միասնաբար աշխատանք տանելու` պայքարելու «Քորոնա» ժահրի համաճարակին եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ, ինչպէս նաեւ խորացնելու աշխարհի վրայ առեւտրական եւ ներդրումային յարաբերութիւնները:

Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն հետ պիտի քննարկէ արտաքին քաղաքականութեան առնչուած, ներառեալ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ հարցով հասարակաց շահերը:

Նշենք, որ 5 մարտին Պրիւքսել եւ Ուաշինկթըն ջնջած էին «Պոյինկ» եւ «Էրպաս» ընկերութիւններուն միջեւ առեւտրական վէճի մը պատճառով իրենց հաստատած փոխադարձ պատժական մաքսատուրքերը:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Յարաբերութիւնները Զարգացնել Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան Եւ Արաբական Երկիրներուն Հետ` Մեկնելով Սեփական Շահերէն» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Պաշտօնատարները Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Են Անյապաղ Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.