Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. լիկայի ախոյեանութեան նախագահ Արա Պօղոսեան նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այս տարի Եւրասիական լիկայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 5 խումբեր. երկուքը` հայկական, երկուքը` ռուսական, իսկ մէկը` լիբանանեան:
«Յայտնեմ, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, մրցաշարքին չուզեցին մասնակցիլ պիելոռուսական, ղազախական եւ իրանեան խումբերը: Անոնց ժամանումը մեծ գումարներու հետ կապուած էր:
«Այսպիսի միջազգային մրցաշարքի կայացումը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ մեզի իմանալու, թէ հայկական ակումբներուն մակարդակը ի՛նչ վիճակի մէջ կը գտնուի», ըսաւ Պօղոսեան:
Մրցաշարքին մեկնարկը կը տրուի չորեքշաբթի, 24 մարտին: Անիկա կ՛աւարտի երկուշաբթի, 29 մարտին:
Մրցաշարքին մասնակցող 5 խումբերն են. Վահագնի Սիթի, Դուին, Ռիատի Պէյրութ, Միցու-Պասքեթ եւ Պարս:



