Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, իր դաշտին վրայ կրեց անակնկալ պարտութիւն մը իր հիւրէն` Պենեվենթոյէն (16-րդ):
Հիւր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց արժանթինցի յառաջապահ Ատոլֆօ Կայչ, 69-րդ վայրկեանին:
Նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, Եուվենթուսի նախագահ Անտրէա Անյելլի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին յանձնեց «ՃԻ. Օ. ԷՅ. ԹԻ. » («Կրէյթեսթ Օֆ Օլ Թայմզ» -բոլոր ժամանակներու հզօրագոյնը) գրութեամբ 770 թուանշանով մարզաշապիկ: Նախորդ մրցումին, 36 տարեկան ֆութպոլիստը նշանակած էր իր արհեստավարժ ասպարէզին 770-րդ կոլը եւ գերազանցած պրազիլցի անուանի ֆութպոլիստ Փելէի պատմական մրցանիշը:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Եուվենթուս, որ այժմ ունի 55 կէտ, տասը կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ինթեր Միլանէն, որ մրցում մը նուազ կատարած է:
2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ա. Սէ. Միլան, 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ֆիորենթինայի դաշտէն, ունեցաւ 59 կէտ:



