Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն, երկրի գործող ախոյեան Քայրաթ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Քայսարի դէմ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր եւ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, 62-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
Նշենք, որ Քայսարէն 53-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ հայրենի ֆութպոլիստ Գեղամ Կադիմեան:



