Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Նէյմար իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ իր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ երկու կողմերը գրեթէ ամբողջական համաձայնութեան մը եկած են իրարու հետ, եւ ան շուտով իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ մինչեւ 2026:
Անոր այժմու համաձայնագիրը` մայրաքաղաքի կազմին հետ, նախատեսուած է մինչեւ 2022:
Պրազիլցին իր նախկին ակումբը` Պարսելոնան լքելէ ետք, 2017-ին միացաւ Սեն Ժերմենին:



