Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Պոլսոյ մէջ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ բանակցութիւնները «շատ արդիւնաւէտ» էին:
Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, թէ երկու կողմերուն միջեւ երկկողմանի եւ շրջանային հարցերու շուրջ շինիչ հաղորդակցութիւններ գոյութիւն ունին:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ վերջնական նպատակը Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ 400 տարիներու վրայ երկարող «խաղաղութեան փորձառութեան գործադրութիւն»-ն է: «Միասնաբար, որեւէ բան կարելի է», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ հանդիպումի ընթացքին Զարիֆի հետ վերահաստատած է ահաբեկչութեան բոլոր տեսակներուն, նախ եւ առաջ ՔԱԿ-ի դէմ պայքարելու եւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու իրենց փոխադարձ հասկացողութիւնը:
Չաւուշօղլու նաեւ նշեց, որ քննարկումներու ընթացքին արծարծուած են նաեւ այն քայլերը, որոնք կրնան երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութիւնը զարգացնել:



