Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Ծերակուտականները Պայտընին Կոչ Ուղղած Են` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

March 22, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու 37 ծերակուտականներ միացած են Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտեսի նամակին` նախագահ Ճօ Պայտընին կոչ ուղղելով հետեւելու Քոնկրեսի օրինակին եւ ամբողջութեամբ ու պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Մենենտես նամակին մէջ Պայտընին յիշեցուցած է, որ նախապէս, այդ թուականին եւ 2020 թուականի նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ ան ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Մենք կը յորդորենք` նոյնը ընել արդէն նախագահի պաշտօնին վրայ` յստակացնելով, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը ճանչնայ այս սարսափելի ճշմարտութիւնը», կը նշուի նամակին մէջ:

Ծերակուտականը յիշեցուցած է, որ դեկտեմբեր 2019-ին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը, իսկ ապրիլ 2020-ին նաեւ Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած էին համապատասխան բանաձեւեր, որոնցմով 1915 թուականին կատարուածը կը ճանչնային իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն: Ան ընդգծած է, որ ժամանակն է, որ գործադիր մարմինը եւս ճանչնայ պատմական իրողութիւնը:

«Դուք ճշմարիտ կերպով յայտարարած էք, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմը պէտք է ըլլան մեր արժէքները, ներառեալ յարգանքը համաշխարհային իրաւունքներու նկատմամբ: Այդ արժէքները կը պահանջեն, որ մենք ճանչնանք ճշմարտութիւնն ու կարելի ամէն բան ընենք կանխարգիլելու ապագայ ցեղասպանութիւններն ու մարդկութեան դէմ միւս յանցագործութիւնները:

«Ինչպէս նշած էիք նախորդ ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան ընթացքին կատարուած ձեր յայտարարութեան մէջ` «յատկապէս կարեւոր է խօսիլ այս մասին ու ոգեկոչել այս պատմութիւնը այնպիսի պահու մը, երբ մենք ամէն օր աւելի կը գիտակցինք ճշմարտութեան ուժին եւ մեր հաւաքական պատասխանատուութեան` կանգնելու ընդդէմ ատելութիւնը, որովհետեւ լռութիւնը մեղսակցութիւն է»: Երկու կուսակցութիւններու վարչակազմերը լուռ եղած են Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան հարցին մէջ: Մենք ձեզի կոչ կ՛ուղղենք կոտրելու մեղսակցութեան այս օրինաչափութիւնը եւ պաշտօնապէս ճանչնալու, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն էր», կը նշուի նամակի եզրափակիչ հատուածին մէջ:

 

Նախորդը

Երկրին Մէջ Տիրող Կացութիւնը Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Դրական Ոչինչ Կը Յուշէ

Յաջորդը

Արամ Մանուկեանի Ծննդեան Օրուան Առիթով ՀՅԴ Ընտանիքին Անունով Ծաղկեպսակ Զետեղուած Է Անոր Յուշարձանին Դիմաց

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.