Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 22, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շաբաթ օր գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Ազգային ազատ հոսանքը հանգիստ կը զգայ հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակուած վարչապետին միջեւ խորհրդակցութիւններու վերսկսումին համար: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանքը պատրաստ է լիբանանեան որեւէ քաղաքական ուժի հետ երկխօսութիւն կատարելու:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը  կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Աստուծմէ խնդրեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն եւ քաղաքական գործիչներուն զղջումի առիթ ընծայէ, որպէսզի անոնք վերջ տան քաղաքացիներուն դէմ իրենց չարիքներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի անշեղ կը մնայ կառավարութեան մէջ մէկ երրորդի բաժինը այս կամ այն քաղաքական ուժին չյատկացնելու իր սկզբունքէն` աւելցնելով, որ ան ամէնօրեայ դրութեամբ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ բոլորը հրաւիրուած են պետական այրերու դերակատարութիւն ստանձնելու եւ ըստ այնմ որոշումներ տալու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ կարգ մը լրագրողներ, որոնք ծանօթ են իրենց անուններով եւ սակերով, կը թմբկահարեն զիրենք ֆինանսաւորողները եւ վնաս կը հասցնեն մնացեալ բոլորին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի կառչած կը մնայ կարողութիւններ ունեցող կառավարութեան մը կազմութեան, ինչպէս նաեւ ճիգ կը թափէ, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ կարենայ խանգարել կառավարութեան աշխատանքը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ լարուածութիւնը մինչեւ քաղաքացիական պատերազմի պիտի չհասնի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր երկխօսութեան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն` երկրին ապագան խաղաղութեամբ եւ առանց արիւնահեղութեան որոշելու համար:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի Պաապտա կատարած այցելութիւնը կը բանայ նոր հորիզոններ, որոնք կրնան դրական ըլլալ կառավարութեան կազմութեան առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր արտասանած ճառով քաջալերած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը իր կեցուածքին կառչած մնալու, իսկ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարելիք առաջարկը միայն մասնագէտներու կառավարութեան կազմ մըն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու կառավարութիւն մը, որ իսկոյն կը սկսի երկրին տնտեսական եւ ապրուստի վերաբերող հարցերու լուծման:

 

 

 

Նախորդը

Նոր Յոյսե՞ր, Թէ՞ Նոր Խաբկանք

Յաջորդը

Միքաթի, Սինիորա Եւ Սալամ Կը Դատապարտեն Նախագահ Աունի Վարուելակերպը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.