Զ. Թ.
Է՜հ, եղա՞ւ մը ըրածդ, ԸՆԿԵ՛Ր:
Կ՛ըլլա՞յ մը ասի, Սեւա՛ն:
Այսպէս, առանց պատրաստուելու, եւ առանց մեզ ալ պատրաստելու, թաշխալայով մը… ափալ-թափալ:
Էճելեթ ի՞նչ էր: Oլուխ… չօճուխ, թոռնիկ… Այսինքն մեծ պապա` տէտէ՞ եղած էիր ըսելով…
Հաճի՛ս, երկու բառով, կարճ ու կտրուկ` մուխթասար մուֆիտ (նախասիրած բառամթերքէդ, այս բառերը արտասանելու պահուդ, աջ ցուցամատդ դիմացինիդ կ՛ուղղէիր), պատասխանէ՛, թէ ի՞նչ ըրիր, ինչո՞ւ կամ ինչպէ՞ս հեռացար այսպէս:
Եթէ մեր այս զրոյցը այս ձեւով շարունակեմ, պիտի նեղուին մեսրոպաշունչ լեզուի եւ պատմութեան դասատուներդ, ցանկապատէն ասդին (Յարութիւն Քիւրքճեան), թէ՛ անդին (Մուշեղ Իշխան, Գառնիկ Բանեան եւ Գրիգոր Շահինեան): Հիմա հասկցա՞ր, թէ ո՛ր ցանկապատին մասին կը խօսիմ: Շատ պիտի գործածեմ ցանկապատ բառը եւ դիտմամբ` առանց չակերտի, եւ նկատի պիտի ունենամ փոխաբերական տարբեր իմաստները:
***
1967-1968, յաղթանդամ բայց նուրբ դիմագծով պատանի մը մուտք գործեց Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի երդիքին տակ: Անունն էր Սեւան, մականունը` Ալեքսանդրեան: Պաղտատէն նոր ժամանած պատանին շուտով ընտելացաւ շրջապատին հետ: Մայրը նոր կորսնցուցած էր, երիտասարդ տարիքին, իսկ հայրը` ընկեր Նիկողոսը հետագային եղաւ ակումբի մեր հաւատաւոր եւ գաղափարակից ընկերը… Կարճ ատեն մը ետք Սեւանը արդէն անբաժանելի դասընկերներու` Արամիկին, Վանիկին, Պենճոյին, Հրայրներուն եւ ուրիշներու փնտռուած` «շաապիէ» (ժողովրդականութիւն… հեռու ամբոխավարութէնէ կամ ամբոխահաճութէնէ) ունեցող տղան էր. թէեւ ժամանակները սահած-գացած են, սակայն ընկերներուն յիշողութեան մէջ ցայսօր, մղոններով հեռու, անմոռանալի յիշատակներ կառչած կը մնան:
Նոյն տպաւորութիւնը ձգած էր աւելի լայն շրջապատէն ներս ալ: Այդ օրերուն, հինգշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք դպրոց չկար: Սովորաբար ընդհանուր հսկիչ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանն ալ շուտ կը մեկնէր տուն: Այդ ժամանակ, Ճեմարանին դրկից բնակիչներս, դպրոցին պասքեթպոլի դաշտին վրայ, գնդակին հետ, ձեռքի փոխարէն, ոտք կը գործածէինք: Պասքեթպոլի փոխարէն, ֆութպոլ կը խաղայինք` մենք մեզ խաբելով, թէ «Ուեմպլի» կամ «Մարաքանա» դաշտերուն վրայ կը մրցէինք:
Քանի մը մրցում ետք ի յայտ եկած էր, թէ այն խումբը, որուն մաս կը կազմէր Սեւանը, շարունակ յաղթական դուրս կու գար: Վարպետ միջնապահ էր, հեռուէն հուժկու եւ «մահացու» հարուածներ կու տար, իսկ եթէ հարուածները վրիպէին, մօտակայ դասարաններու ապակիները փշուր-փշուր կ՛ըլլային:
Այնքա՛ն սիրուած եւ վստահելի էր Սեւանը. զբօսանքի պահուն, երբ «Պաշ»-ին` պարոն Սերոբին քաֆեթերիան խճողուած ըլլար, ան շուտով գործի կը լծուէր` օգնելու այդ համակրելի «հայրիկ»-ին, սիրողաբար եւ… անվճար:
«Խալիս-խուլիս» ՀՄԸՄ-ական էր ան: Շաբթուան ընթացքին, այդ օրերուն պասքեթպոլի երիտասարդական «Կամք»-ի անդամ, իսկ շաբաթավերջին, տարիներ շարունակ` փողկապաւոր սկաուտ:
Շքանշանը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունէր իրեն համար:
Նկարուող եւ նկատուող տեսակէն չէր, այլ շարունակ լուսարձակներէ հեռու` չնկարուող եւ նկատուելէ խուսափող տիպար մը: Միութենէն ստացած` «Բարիք մը գործել ամէն օր» տրամադրութեամբ, շարունակեց գործել ան նաեւ մատղաշ տարիքէն մաս կազմելով իր պաշտած ՀՅ Դաշնակցութեան: Դրուագները շատ են:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրերուն, երբ յայտնի չէր, թէ ի՛նչ կը կատարուէր յատկապէս Քանթարիի շրջանին մէջ, ան շարունակ գործի վրայ էր` շրջանի հայահոծ թաղերու ընտանիքներուն օգնութեան փութալու, եւ` անաչառօրէն, առանց խտրութեան: Այդ օրերուն այս կամ այն գաղափարի, կուսակցութեան պատկանիլը, պաշտօնի տէր ըլլալը երկրորդական էր Սեւանին համար: Օրուան կարգախօսն էր` «Օգնութեան հասնիլ… եւ վերջ»:
Այդպէս ալ շարունակեց գործել ան կեանքի մնացեալ փուլերուն: Շրջանի բնակիչ տարեցներ, շտապ օգնութեան կարիք ունեցողներ… մինչեւ իսկ ծննդաբերելու սեմին հասած մայրերու մետասաներորդ պահուն հիւանդանոց փոխադրութիւն: Այս բոլորն ալ անցած էին Սեւանին փորձառութենէն:
Իւրայատուկ դրուագ մը` աւելի գունագեղ կերպով ներկայացնելու համար Սեւանին տիպարը: Օր մը որոշած էինք Համրա շրջանը սինեմա երթալ: Գրեթէ սրահին մօտերը հասած էինք (այդ օրերուն Ամերիկեան հիւանդանոցին մօտ «Քոլիզէ» սրահը կար), երբ շուարած ու մոլորած, նիհարակազմ եւ բաւական առողջ մամիկ մը մեզի մօտենալով` հայերէնատիպ առոգանութեամբ մը ըսաւ. «Եա՜ խայի, վէ՞յն Ֆոնթանա» (Եղբա՛յրս, Ֆոնթանան ո՞ւր է. Ֆոնթանան տնային ապրանքներ վաճառող գերվաճառատուն մըն էր, որ հիմա «կար ու չկար Պէյրութ»-ին կը պատկանի, իսկ մենք ալ, այդ տարիքին, եղբօրմէ աւելի թոռնիկ կրնայինք ըլլալ):
Առանց ակնթարթ մը իսկ կորսնցնելու` Սեւան հայերէնով պատասխանեց. «Տիկի՛ն, դէպի վար կը շարունակէ՛ք, ապա ձախ…»: Ապշահար` կինը նոյնիսկ չկրցաւ իր զարմանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնել, մանաւանդ որ «Մենք հիմա կ՛ընկերակցինք ձեզի` մինչեւ Ֆոնթանայի մուտքը», եղաւ Սեւանին պատասխանին շարունակութիւնը: Է՜հ, այդ օրը հազիւ կրցանք հասնիլ ցուցադրուելիք ժապաւէնին եւ իրար հրմշտկելով` նստանք մեր աթոռներուն վրայ, մինչ ժապաւէնին մեկնարկը նշող առիւծը արդէն իսկ մռնչած էր:
Անբացատրելի էր Սեւանին սէրը` մշակոյթին եւ արուեստին հանդէպ: Հայրենի տոհմիկ տարազներ, երգ, շուրջպար, մենապար… Այդ ճամբուն վրայ ալ գտաւ իր հոգիին երկրորդ կէսը` կողակիցը` Գարինան, յետոյ շարունակեց «կեանքը ինչպէս որ է»… Զաւակներ, թոռնիկներ, միշտ ու միշտ չմոռնալով հարազատները (յատկապէս եղբայրները` Մասիսը, Վարանդն ու Շանթը) եւ ընկերները:
Հարազատներու հանդէպ սէրը միակ յատկանիշը չէր Սեւանին, այլ նաեւ սկսած էր հետզհետէ աւելի գերզգայուն դառնալ: Երբեք չէր կրնար ցանկապատին միւս կողմը անցած մօտիկ ոեւէ ընկերոջ մասին որեւէ գրութիւն կարդալ: Դեռ աւելի՛ն. մինչեւ վերջերս անհանգիստ կը զգար, որովհետեւ իր մօտիկ մէկ դասընկերուհիին չէր կրցած ցաւակցութիւն յայտնել` անարգ ոճիրի զոհ գացած անոր հօրը մահէն ետք, 31 յունուար 1986-էն ի վեր…
***
… 11-12 փետրուար 2021: Շաբաթներէ ի վեր գրեթէ օրը օրին տեղեկութիւններ կը ստանայի Սեւանին մասին` եղբայրներէն: Իրօք, տրամադրութիւնները քանդուած էին: Ետեւ-ետեւի ցանկապատին միւս կողմը անցնողներու մասին տխուր լուրեր, որոնց կարգին, մեր ազգային բնագաւառէն բոլորովին հեռու, մշակոյթի աշխարհի եւ ճազ երաժշտութեան չաստուածներէն` դաշնակահար Չիք Քորէայի (Chick Corea) հրաժեշտը: Մօտիկ բարեկամներուս հաղորդած էի այդ կորուստը, անոր անմոռանալի կարգ մը գլուխ-գործոցները կցելով` «Ուաթսափ»-ի ճամբով կը ղրկէի անոնց: Ակնթարթ մը տատամսեցայ, թէ արդեօք Սեւանին ալ ղրկե՞մ: Կը վարանէի, որովհետեւ իր եղբայրներէն Շանթը քանի մը ժամ առաջ յայտնած էր, որ իր կրտսեր եղբօր առողջական վիճակը վատթարացած էր: Վարանքս չէր փարատած, երբ այլ տեսակի Return to Forever մը (Քորէայի հռչակաւոր խումբին անունը) պատահած էր… Սեւանը անցած էր ցանկապատին միւս կողմը:
«Տօ՛, լաճ տնաւե՛ր» Սեւան, ի՞նչ ըրիր: Այսպէս հապճեպ, կեանքիդ երթը կիսատ-պռատ ձգելով` անցար ցանկապատին միւս կողմը: Շարունակե՞նք քու այնքա՜ն սիրած` Ռուբէն Տէր Մինասեանիդ խօսքով` «Չստիկը քեզ պզտի՞կ դարձուց», այլ խօսքով` այդ անտեսանելի, անշօշափելի, անհոտոտելի «Քովիտ»-ը քե՞զ ալ հալածեց ու բռնեց: Դուն, որ տարիներ առաջ պսակուած էիր, չկրցա՞ր այս կամ այլ ձեւով խօսք հասկցնել Պսակաձեւ ժահրին…
Թրծուած դաշնակցական էր Սեւանը: Երբեք դիրք ու հանգամանք չօգտագործեց, թերեւս օգտագործուեցաւ: Չշահագործեց, արդեօք շահագործուեցա՞ւ: Վերջին տարիներուն, պատմութիւն կերտած հարաւափրիկեցի ղեկավար Նելսըն Մանտելայի` ներման արժանանալու մարմաջը արմատ նետած էր իր մէջ եւ քանդած` իր դիմաց կանգնող ցանկապատերը:
Ան գիտէր, թէ ի՛նչ ըսել է ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ, պատիժ, մէկ խօսքով` կարգ ու կանոն: Երեւոյթ մը, տիպա՛ր մը… ՈՒՂԻ մը, որ հիմա մեր գիտցածը-սորվածը չէ եւ հետզհետէ սկսած է հազուագիւտ պտուղ դառնալ: Դպրոց մը… հնոց մը, որուն բացակայութիւնը որքա՜ն կը զգացուի: Քրիստափոր Միքայէլեանի` «Այս դէպքից յետոյ, այս դէպքին պատճառով»-ն ալ երբեք չաղաւաղեց ու չշահագործեց Սեւանը: Նոյնիսկ դիմատետրեան այս անիշխանական օրերուն քաջատեղեակ էր, որ գոյութիւն ունի կարմիր գիծ մը, եւ թէ` ե՛րբ կարելի էր «կանաչ լոյս» ստանալ, ցանկապատէն ալ անդին` իր պաշտած կուսակցութենէն հեռացուելէ ետք:
Այդ ցանկապատէ՛ն ալ ասդին վերադարձաւ Սեւանը, միշտ ալ առողջ գործելաձեւով, հետեւելով օրէնքին` կարգ ու կանոնին: Աւա՜ղ, անկողինին մէջ, երբ մահուան դէմ կը պայքարէր, ան տեղեակ չէր, որ ցանկապատէն ասդին վերընդունուած էր: Ափսո՛ս, ան անդենական ցանկապատի մը ուղղութիւնը բռնած էր` ինք շնչահեղձ ըլլալով, մեզ ալ շնչահեղձ ընելով:
Չէ՜… Խունկի, մոմի կամ թեթեւ հողի մասին կարելի չէ խօսիլ: Տրամաբանական չէ քլիշէներու վրայ մելան քսել: Իսկ` արցո՞ւնք: Երանի՜… Այս տարիքին այդ հեղուկն ալ Արալ ծովուն պէս ցամքած ու չքացած է:
Ներե՞նք այս ըրածդ…
Բայց մեր օձիքէն պիտի չազատիս, Սեւա՛ն: Այս խօսքերը փաղաքշական խօսքեր չեն, այլ իրապաշտ կեանքէ առնուած, Գրիգոր Զոհրապէն գողնալով` «Սեւանին կեանքը ինչպէս որ է» մը: Պիտի կարդա՛ս: Հրահանգ է, ընկե՛ր: Եթէ խոյս տաս, վստա՛հ եղիր, հոն մօտիկներէդ` Ճոնին (Հայտոսթեան, մահացած` նոյեմբեր 1985-ին, Պէյրութ), Վահէն (Յարութիւնեան, մահացած` յուլիս 2018-ին, Երեւան) եւ դեռ ուրիշներ պիտի կարդան:
Մինչ այդ կրկին ու կրկին` «Կ՛ըլլա՞յ մը ասի, ղուրպա՛ն»:
Սեւա՛ն… Է՛հ եղա՞ւ մը ըրածդ, ԸՆԿԵ՛Ր:
Պոսթըն – Մասաչուսէց



