Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 19, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3757 վարակուածներ եւ 73 մահացածներ:

ԿԱԹՈՂԻԿԷ դպրոցներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար յայտնեց, որ առցանց կրթութեան շարունակութիւնը` դպրոց յաճախելու զուգահեռ, ներկայիս մերժելի է եւ անապահով: «Մենք կը մերժենք կրթական տարեշրջանը երկարաձգել», ըսաւ Ազար:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ զգուշացուց, որ տնտեսական կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ վատթարացում` աւելցնելով, որ տագնապի լուծման ներկայի միակ առկայ ընտրանքը կառավարութեան կազմութիւնն է:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան ընդունեց Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Հերմանօ Թելլես Ռիպէյրոն, որմէ ստացաւ նախարարութեան տրամադրուած շնչառական սարքեր: Ռիպէյրօ յայտնեց, որ այդ սարքերը նուէր են նախարարութեան` առ ի քաջալերանք «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ նախարարութեան աշխատանքին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ երէկ ընդունեց երեսփոխան Ալի Պեզզին, որուն հետ քննարկեց ընկերային մարզի կարգ մը կեդրոններու պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձի հարցը: Պեզզի յայտնեց, որ 2020 տարեշրջանին ընկերային մարզի 33 կեդրոններու պաշտօնեաներ հինգ ամսուան իրենց աշխատավարձը չեն ստացած: Հարցը քննարկուեցաւ Պետական հաշուապահութեան դիւանի նախագահ, դատաւոր Մոհամետ Պատրանի հետ եւ որոշուեցաւ այս ամսուան աւարտին նիւթական այդ պարտաւորութիւնները կատարել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք կը նախատեսէ, որ կառավարութեան կազմութիւնը քանի մը օրէն կարելի դառնայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի չորեքշաբթի գիշերուան խօսքը Մեծն Լիբանանի աւարտը յայտարարելու համազօր էր: «Անիկա վերջին մեխը ամրացուց անկախութեան ուխտի դագաղին վրայ եւ դաշնակցային պետութիւն յայտարարեց», ըսաւ ան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական իրավիճակը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանպատրաստից մուտք գործած է պայքարի մը մէջ ընդդէմ աւազակախումբի մը, որ դիմադրութեան բոլոր միջոցներուն կը տիրապետէ:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կողմէ դրամի լուացումի եւ դուրս փոխանցուած գումարներու հարցով դատավարութիւնը յետաձգուած է յառաջիկայ շաբթուան:

 

 

Նախորդը

Անկրկնելի Հալէպը. Հայրենակցական Միութիւններ

Յաջորդը

Ռաատ. «Ռուսիա Լուրջ Հետաքրքրութիւն Կը Ցուցաբերէ Կառավարութեան Անյապաղ Կազմութեան Նկատմամբ»

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.