Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարայի Մէջ Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Խանութներ Կը Կառուցեն

March 18, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 մարտին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլանին չեն արտօնած մուտք գործել Անգարայի Ուլուս թաղամասին մէջ գտնուող տարածք, ուր Թուրքիոյ կառավարութեան բնակարանաշինութեան զարգացման վարչութիւնը շինարարութիւն կը կատարէ պատմական հայկական գերեզմանատան վրայ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ «Պիանեթ»-ը:

Առաջինը Թուրքիոյ ճարտարապետներու պալատի Անգարայի մասնաճիւղն էր, որ 10 մարտին ահազանգած էր, թէ մայրաքաղաքի պատմական Ուլուս թաղամասին մէջ խանութներ պիտի կառուցուին հայկական պատմական գերեզմանատան վրայ: Մասնաճիւղին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Գիտական աղբիւրներուն մէջ կը նշուի, որ այս տարածքը եղած է հայկական եւ կաթողիկէ գերեզմանատուն: Անօրինական փորման աշխատանքներու պատճառով յայտնաբերուած են մարդկային ոսկորներ, որոնք Անատոլական քաղաքակրթութիւններու թանգարանին կողմէ տարուած են ուսումնասիրման: Հակառակ այս բոլորին, այս տարածքին մէջ շինարարութեան շարունակութիւնը մեծ անարգանք է անատոլական հողերուն վրայ բազմամշակութայնութեան նկատմամբ: Ասիկա բարբարոսութիւն է, մարդու իրաւունքներու ոտնահարում»:

Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Փայլան հարցը արծարծած էր խորհրդարանին մէջ: Ան հարցում ուղղած էր Շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մուրատ Քուրումին` նշելով, որ թէեւ շինարարութեան ժամանակ այդ տարածքին մէջ յայտնաբերուած են մարդկային ոսկորներ, սակայն շինարարական աշխատանքները չեն կասեցուած: Երեսփոխանը հետաքրքրուած էր, թէ ինչո՛ւ չի դադրեցուիր շինարարութիւնը, արդեօք Թուրքիոյ կառավարութեան բնակարանաշինութեան զարգացման վարչութիւնը տեղեա՞կ է, որ այդպիսով կ՛ոչնչացնէ Անգարայի մշակութային հարստութիւնն ու քաղաքային յիշողութիւնը, եւ ինչո՞ւ շաղախ կը լեցնէ հայերու ոսկորներու եւ մշակութային հարստութեան վրայ: Նախարար Մուրատ Քուրումը տակաւին չէ պատասխանած Փայլանի հարցումին:

Փայլան 16 մարտին Թուրքիոյ ճարտարապետներու պալատի Անգարայի մասնաճիւղի նախագահին եւ խումբ մը այլ անձերու հետ ուզած է տեղւոյն վրայ ծանօթանալ իրականացուող շինարարական աշխատանքներուն, սակայն անոնց չեն արտօնած մուտք գործել տարածք: Փայլան ստիպուած եղած է արգելապատնէշներուն մօտ յայտարարութիւն կատարել նշելով. «Այս վայրը հայերու գերեզմանատունը եղած է: Այս հողերուն վրայ ապրող հայերը արտաքսուած են այստեղէն: Անարգանքի ենթարկուած են ո՛չ միայն ապրողները, այլ նաեւ մահացածները: Այստեղ ապրած հայ ժողովուրդը իր սիրելիները աղօթքներով ձգած է հանգչելու այստեղ` շիրմաքարեր դնելով: Իսկ հիմա շիրիմներուն վրայ շաղախ կը լեցուի: Ո՞ր խիղճը կրնայ ասիկա ընդունիլ»:

Զարմանք արտայայտելով, որ իրենց կ՛արգիլուի մուտք գործել տարածք, Փայլան նշած է, որ այդտեղ անօրինական շինարարութիւն կը կատարուի, որովհետեւ չկան համապատասխան արտօնութիւններ: «Ես կը պահանջեմ, որ վայրկեան առաջ կանգնեցուի այս անօրինական շինարարութիւնը, կասեցուի հայ ժողովուրդի շիրիմներուն վրայ շաղախ լեցնելը: Խորհրդարանն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ նախ եւ առաջ Անգարայի բնակչութիւնը պէտք է կանգնեցնեն հայկական գերեզմանին վրայ շաղախ լեցնելը: Անգարայի ժողովուրդը արժանի չէ նման անարգանքի», յայտարարած է Փայլան:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Նշանակեալ Վարչապետը Պաապտա Կը Հրաւիրէ. Վարչապետը Կը Խոստանայ Ընդառաջել

Յաջորդը

Հայաստանի Նախագահն Ու Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Քննարկեցին Սիւնիքի Մէջ Անվտանգութեան Գօտի Ստեղծելու Հայեցակարգը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.