Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդներու Կազմակերպութեամբ` «Առանց Նիկոլ Հայաստան» Ցոյց

March 18, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 17 մարտ 2021-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի այցելէր կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն: ՀՅԴ  Հայաստանի երիտասարդական միութեան (ՀԵՄ) անդամները` տեղեկանալով այս մասին, օր մը առաջ յայտարարութիւն տարածեցին եւ յայտնեցին, թէ մտադիր են փակել անոր ճամբան:

Առաւօտեան արդէն նախարարութեան շէնքը չորս կողմէն շրջապատուեցաւ ոստիկաններուն կողմէ, ինչպէս նաեւ երկու կողմէն փակուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի փողոցը:

«Մենք երեք ընկերներով այստեղ ենք: Մենք կ՛ուզէինք ցոյց տալ այս ոստիկանապետութեան պատկերը, որ հիմա Հայաստանի մէջ իրականութիւն դարձած է», նախարարութեան շէնքին մօտ լրագրողներուն ըսաւ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամ Քրիստինէ Վարդանեան:

«Նիկոլ Փաշինեանը 500 մեթր վեր գտնուող իր աշխատասենեակէն 500 մեթր ներս գտնուող նախարարութիւն կրնայ այցելել հազարաւոր ոստիկաններու ուղեկցութեամբ: Տեսէք` ժողովրդավարութիւն յորջորջող մարդը, խումբը ինչպէ՛ս կը տեղաշարժի, եւ դուք որոշեցէք` կ՛ուզէ՞ք այսպիսի ղեկավար ունենալ, թէ՞ ոչ… Երեք ընկերով այստեղ ենք, բայց շրջապատուած ենք այսքան ոստիկաններով», դիտել տուաւ ան:

Երիտասարդներէն Գոռ Սարգսեան յիշեցուց, որ տարի մը առաջ, երբ նախարարութեան դիմաց նստացոյց կը կատարէին եւ կը պահանջէին տխրահռչակ նախարարին հրաժարականը, Նիկոլ Փաշինեան եկաւ, կանգնեցաւ իրենց առջեւ եւ խօսեցան: «Մենք կ՛ուզենք ցոյց տալ, թէ մէկ տարի յետոյ Նիկոլ Փաշինեանի իրական վիճակը եւ անոր իշխանութեան իրական պատկերը որն է. ան այսօր կը խուսափի Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ հանդիպելէ, եւ կառավարութեան շէնքէն մինչեւ   նախարարութիւն կը տեղափոխուի հազարաւոր ոստիկաններով: Անոր իշխանութիւնը բաղկացած է այս ոստիկաններէն», նշեց ան:

Կառավարութեան շէնքէն դէպի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն` 500 մեթր տարածութիւնը հազարաւոր ոստիկաններու ընկերակցութեամբ եւ քանի մը ինքնաշարժներու շարասիւնով փոխադրուող Նիկոլ Փաշինեանին ցուցարարները դիմաւորեցին կառավարութեան շէնքին մօտ` «Դաւաճան» վանկարկումներով:

ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի նախագահ Սարգիս Կարապետեան նշեց, որ նախորդ անգամ, երբ ինք առանձին բողոքի ցոյց կը կատարէր, 60 ոստիկաններ բերին իր դէմ, իսկ այդ հաւաքին, երբ տասնեակ մը ցուցարարներ կան, ոստիկաններուն թիւը բազմապատկուած է:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Նախագահն Ու Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Քննարկեցին Սիւնիքի Մէջ Անվտանգութեան Գօտի Ստեղծելու Հայեցակարգը

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեան. «Միացումը Մեր Ռազմավարական Նպատակն Էր Ու Այսօր Ալ Նպատակն Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.