Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Նշանակեալ Վարչապետը Պաապտա Կը Հրաւիրէ. Վարչապետը Կը Խոստանայ Ընդառաջել

March 18, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վառելանիւթը Կը Սղի, Իսկ Դեղարանները
Այսօր Կ՛ուղղուին Դէպի Գործադուլ

Համատարած յուսալքումի մթնոլորտին ներքեւ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին հրաւիրեց Պաապտա` անմիջապէս կազմելու համար նոր կառավարութիւնը` իրեն հետ համաձայնաբար, եւ նախկին կառավարութիւններու կազմութեան ընթացքին սահմանադրութեամբ ճշդուած չափանիշներուն համաձայն:

«Եթէ նշանակուած վարչապետը զգայ, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու, երկրին դիմագրաւած վտանգաւոր կացութեան դէմ ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը կազմելու կարողութիւն չունի, ապա ան պէտք է առիթ տայ` կառավարութիւն կազմելու կարողութիւն ունեցող ուրիշի մը», նշեց ան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ բոլոր պաշտօններն ու պատասխանատուութիւնը մէկը միւսին վերագրելու քայլերը ապարդիւն են, եթէ հայրենիքը քանդուի եւ ժողովուրդը դառնայ յուսախաբութեան ու յուսալքումի գերին, եւ իր բողոքը միայն զայրոյթով արտայայտէ: «Ժողովուրդի տառապանքին դիմաց ամէն ինչ ունայն է: Ժողովուրդին տառապանքը հասած է անհանդուրժելի մակարդակներու», ըսաւ ան:

Աւելի ուշ վարչապետ Հարիրի պատասխանեց նախագահ Աունին` յայտնելով, որ ինք պիտի ընդառաջէ անոր հրաւէրին եւ 17-րդ անգամն ըլլալով պիտի ուղղուի նախագահական պալատ` քննարկելու համար կառավարութեան այն կազմը, որ կը գտնուի հանրապետութեան նախագահին տրամադրութեան տակ:

Հարիրի նշեց, որ ինք շաբաթներ առաջ նախագահ Աունին յանձնած է անկուսակցական, մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան կազմ մը, որ կարողութիւն ունի պահանջուած բարեկարգումները գործադրելու` կասեցնելու համար երկրին քանդումը եւ վերակառուցելու համար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած վնասները:

«Ես պատրաստ եմ այցելելու նախագահական պալատ եւ քննարկելու այն կազմը, որ շաբաթներէ ի վեր յանձնած եմ: Եթէ նախագահ Աուն տեսնէ, թէ ինք այդ կազմը վաւերացնելու կարողութիւն չունի, ապա ան պէտք է անկեղծանայ լիբանանցիներուն հետ եւ անոնց տառապանքը կրճատէ` առիթ տալով կանխահաս նախագահական ընտրութիւններու», յայտնեց ան:

Լիբանանցիները երէկ արթնցան վառելանիւթի սակերուն ակներեւ բարձրացումի լուրով, որուն շրջագիծին մէջ 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած էր 4.200 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 3.000 լ. ոսկիով:

Այսինքն` 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը հասաւ 40.000 լ. ոսկիի, 95 օքթան պենզինը` 38.900 լ. ոսկիի, իսկ մազութին թիթեղը` 27.700 լ. ոկիի:

Այս որոշումին համաձայն, պիւթակազի շիշին սակն է 28.100 լ. ոսկի:

Նշենք, որ դեղորայքի նպաստը կասեցնելու որոշումին դէմ բողոքի իբրեւ արտայայտութիւն` այսօր դեղարանները գործադուլ յայտարարած են, եւ այդ գործադուլին պիտի մասնակցին Լիբանանի տարածքին գործող դեղարաններուն 60 առ հարիւրը:

Բողոքի ցոյցերն ու ճամբաներու փակումը երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսան: Միւս կողմէ, ցուցարարները երէկ ուղղուեցան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւն եւ կրցան ներխուժել նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր անոնք բողոքեցին սննդեղէնի, վառելանիւթի, ցորենի եւ դեղորայքի նպաստը կասեցնելու որոշումին դէմ:

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ պատրաստակամութիւն յայտնեց զրուցելու ցուցարարներուն հետ, որոնք սակայն մերժեցին անոր առաջարկը:

Աւելի ուշ, ցուցարարներ ուղղուեցան Նաամէի բնակարանը, ուր անոնք դարձեալ գործադրեցին բողոքի ցոյց մը:

Միւս կողմէ, երէկուան փակուած ճամբաներն էին` Ժիէի մայրուղին, Պէյրութի նաւահանգիստի մայրուղին, Զահրանիի ճամբան, Սաատիյաթի մայրուղին, Նապաթիէ-Քֆարրըման ճամբան, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան` երկու ուղղութեամբ, Հալպայի եւ Հարաւային արուարձաններու ոստիկանատուներուն ճամբաները, Սայտայի Էլիա հրապարակը, Զահլէի, Թաալպայայի, Ժտիթայի եւ Շթորայի հրապարակները:

Պէտք է աւելցնել, որ երէկ խումբ մը ցուցարարներ ուղղուեցան Պաապտա` նախագահական պալատի շրջակայքը, բողոքելով տիրող տնտեսական ահաւոր տագնապին դէմ:

Շրջանին մէջ որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ:

Նշենք, որ յետմիջօրէին զինեալ բախում մը արձանագրուեցաւ Այշա Պաքքարի «Քասսար» մզկիթին մօտակայքը, ուր արձանագրուեցան վիրաւորներ:

Զինեալ բախումին մասին անպաշտօն տեղեկութիւններ յայտնեցին, թէ անիկա Ամալ շարժումի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի զինեալներուն միջեւ արձանագրուած բախում մըն է, տեղեկութիւն մը, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կտրականապէս հերքեց:

Աւելի ուշ բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ անիկա ճամբաները փակելու եւ քաղաքացիներուն փոխադրութիւնը խոչընդոտելու պատճառով արձանագրուած զինեալ բախում մըն է, որ անձնական է:

Երեկոյեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետեւորդներ Կեդրոնական դրամատան Ճիւնիի մասնաճիւղին դիմաց բողոքի ցոյց մը կատարեցին` իրենց զայրոյթը յայտնելու ելեւմտական տագնապին դէմ: Անոնք բողոքեցին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի որդեգրած ելեւմտական եւ դրամատնային քաղաքականութեան դէմ` զայն գլխաւոր պատասխանատուն նկատելով լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Եւ Պըրրի Ընդունեցին Արսլանը

Յաջորդը

Անգարայի Մէջ Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Խանութներ Կը Կառուցեն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.