ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ ըսած է, որ «լուրջ մտահոգութիւններ» ունի դաշինքի անդամ Թուրքիոյ գործողութիւններուն վերաբերեալ, սակայն աւելցուցած է, որ դաշինքը Անգարայի առնչուած վէճերը լուծելու համար կարեւոր հարթակ է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ»-ը:
«Ես արտայայտած եմ իմ լուրջ մտահոգութիւններս, եւ մենք բոլորս գիտենք, որ կան լուրջ տարակարծութիւններ` սկսած Միջերկրական ծովու արեւելեան շրջաններէն, Ռուսիայէն հակաօդային պաշտպանութեան «Էս-400» համակարգեր գնելու Թուրքիոյ որոշումէն մինչեւ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական իրաւունքներ», նշած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ, սակայն աւելցուցած է, թէ կը հաւատայ, որ դաշինքը «կրնայ գոնէ կարեւոր հարթակ ստեղծել վերոնշեալ հարցերու քննարկման, խնդիրներու արծարծման եւ տարբեր հարցերու շուրջ լուրջ քննարկումներ ունենալու համար»:
Հակառակ անոր որ Թուրքիա 1952 թուականէն ի վեր ՕԹԱՆ-ի անդամ է, վերջին տարիներուն իր կատարած որոշ քայլերով զայրացուցած է ՕԹԱՆ-ի անդամ շարք մը պետութիւններ:



