Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Սուրիոյ Հարցին Մէջ Տարակարծութիւններ Ունին, Սակայն Այնտեղ Փոխադարձ Գործակցութիւնը Կը Շարունակուի» Կ՛ըսէ Փեսքով

March 17, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսած է, որ Սուրիոյ Սահմանադրական յանձնախումբի ստեղծման աշխատանքները դժուարութեամբ կ՛ընթանան, սակայն Քրեմլինը այլընտրանք չի տեսներ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոն նախապէս չէր բացառած, որ սուրիական տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջընթացի հասնելու նպատակով, ժամանակի ընթացքին կրնայ միջազգային բանակցային նոր ձեւաչափի անհրաժեշտութիւն յառաջանալ: Ըստ անոր, սուրիական տագնապի լուծման այդպիսի ձեւաչափը պէտք է ներառէ Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Իրանը, Թուրքիան` արաբական պետութիւններու եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու մասնակցութեամբ: Միաժամանակ ան նշած է, որ նման ձեւաչափի ստեղծման մասին խօսիլը տակաւին կանուխ է: Ըստ Փեթերսոնի, կարեւոր է, որ բոլոր դերակատարները աշխատին միասին այնպիսի քաղաքականութիւն մշակելու, որուն հիմը պիտի ըլլայ` կողմերէն ոեւէ մէկուն սուրիական տագնապի լուծման պայմաններն ու արդիւնքները թելադրելու կարելիութիւն չձգելը:

«Ներկայ ձեւաչափերը կ՛աշխատին, սակայն ես կ՛ուզէի, որ անոնց արդիւնաւէտութիւնն ու ազդեցիկութիւնը բարձրանային: Սահմանադրական յանձնախումբին հետ գործ ունենալը շատ դժուար է: Սակայն մենք, միեւնոյնն է, պէտք է շարունակենք աշխատիլ անոնց վրայ, որովհետեւ այլընտրանք չենք տեսներ», նշած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Քրեմլինը համաձա՞յն է նոր ձեւաչափեր ստեղծելու անհրաժեշտութեան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբերը ըսաւ, որ Ռուսիան եւ Թուրքիան Սուրիոյ հարցին մէջ տարակարծութիւններ ունին, սակայն այնտեղ փոխադարձ գործակցութիւնը կը շարունակուի:

Անոր համաձայն, Սուրիոյ մէջ ռուս զինուորները թուրք գործընկերներու հետ սերտօրէն կը համագործակցին այն համաձայնութիւններուն հիմամբ, որոնք ձեռք բերուած են երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ:

«Իրավիճակը այն շրջաններուն մէջ, ուր կ՛իրականացուի փոխադարձ գործակցութիւնը, բաւական բարդ կը մնայ, այնտեղ կը շարունակեն մնալ ահաբեկչական տարրեր, ինչ որ կը խանգարէ կացութեան կարգաւորման, սակայն, բայց եւ այնպէս, փոխադարձ գործակցութիւնը կը շարունակուի: Սուրիոյ հարցին մէջ տարակարծութիւններ կան», ըսած է Փեսքով:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Չի Ճանչնար Խրիմի Բռնակցումը Եւ Կ՛աջակցի Ուքրանիոյ Տարածքային Ամբողջականութեան» Կ՛ըսէ Անգարա

Յաջորդը

Քիեւի Մէջ Էջք Կատարած Են Թուրքիոյ Դաշնակից Քաթարի Զինուորական 5 Բեռնատար Օդանաւեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.