Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ բաւական մօտ է Պարսելոնա տեղափոխուելուն, այս մասին երէկ յայտնեց սպանական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը, Պարսելոնայի նորընտիր նախագահ Խուան Լափորթայի հետ փոխադարձ համաձայնութեան եկած է իր տեղափոխութեան գծով:
Ան 2021-ի ամրան ընթացքին 2 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ քաթալոնական ակումբին հետ, որուն պիտի միանայ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ:
Անգլիական ակումբին հետ արժանթինցիին գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարեշրջանի վերջը:



