Գերմանիոյ դաշնակցային Հանրապետութեան Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Միխայէլ Ռոթ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է պատերազմական գերիներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով լիարժէք թափանցիկութեամբ համագործակցելու Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, ան այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է լիարժէք թափանցիկութեամբ համագործակցին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ` պատերազմական գերիներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով: Տեւական խաղաղութիւնը եւ հաշտեցումը կը պահանջեն տագնապի քաղաքական լուծում` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ», գրած է Ռոթ:
Գերմանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարարը նաեւ նշած է, որ Արցախի մէջ բախումները դադրած են, սակայն վէրքերը տակաւին բաց են:



