Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պնդէ, որ Սուրիան հրթիռային հարուած հասցուցած է Հալէպ նահանգի` Անգարայի վերահսկողութեան տակ գտնուող հիւսիսային մասին մէջ գտնուող երկու բնակավայրերու ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, որ նահանգի այս հատուածին մէջ քարիւղատար սիթեռններ երկուշաբթի գիշեր հրթիռային հարուածներու ենթարկուած են:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` հրթիռները արձակուած են Քուայրեսի օդակայանէն: Սուրիացիները, ենթադրաբար, հարուածներ հասցուցած են Ժարապլոս եւ Ալ Պապ քաղաքներուն:
«Անատոլու» լրատու գործակալութեան տուեալներով` թրքական կողմը Ռուսիոյ տեղեկացուցած է Սուրիայէն նման յարձակումները կանխարգիլելու անհրաժեշտութեան մասին:



