Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Այսօրուան Մարտահրաւէրները

March 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Հայոց պատմութիւնը տարբեր ժամանակներու բազմատեսակ մարտահրաւէրներու ականատես եղած է: Բոլոր փուլերուն ամէնէն տժգոյն սկսած է Հայոց ցեղասպանութեամբ, սակայն դժբախտաբար, մինչեւ այսօր վերջ չէ գտած անիկա:

Բաժնէ՛, որ տիրես… Թշնամին միշտ ալ յաջողած է մեր մէջ բաժանումներ յառաջացնելու եւ մեզ իբրեւ ազգ դէպի անդունդի խորը հասցնել: Միասնականութեան եւ ազգասիրութեան դաստիարականութեան պակասը մեզ կործանումի սեմին հասցուցած է շատ յաճախ: Այսօր կարծէք այդ նոյն կործանումի սեմին կը գտնուինք իբրեւ ազգ:

Ծաղիկի նման բացուած հազարաւոր երիտասարդ զինուորներու ընդհատուած կեանքով եւ անոնց արեամբ շահուած ու պահուած հողերու յանձնումը մեզ ազգովին դրաւ նոր տժգոյն փուլի մը դէմ յանդիման` սխալ քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք: Դժբախտաբար այս տժգոյն փուլը օրէ օր աւելի կը յառաջանայ, որովհետեւ բռնատիրական միտքերով առաջնորդուող իշխանաւորներ գետնի վրայ կ՛ուզեն ճզմել ազատ ժողովուրդի մը պահանջատիրութիւնը եւ ամբողջ ազգի մը ճակատագիրը, կամայ թէ ակամայ, քանդել: Դժբախտաբար, այսօրուան իշխանութիւնը ոչ մէկ պատասխանատութիւն կ՛ուզէ կրել այս բոլոր ձախողութիւններուն համար, աւելի՛ն, ան կը մնայ անտարբեր ժողովուրդին արդար պահանջին դիմաց, որ կառավարութեան հրաժարականն է: Ան նոյնիսկ կը փորձէ ճզմել ժողովուրդը եւ խեղդել անոնց ազատութեան ձայնը:

Այս բոլորին զուգահեռ, համահայկական առումով կայ այլ ցաւալի իրողութիւն մըն ալ: Արդարեւ, մեր կորուստները աւելի ծաւալ կը ստանան, երբ այսօրուան համաշխարհային համաճարակը մեր ազգի մէկ կարեւոր ազգային եւ կղերական պատասխանատուներու կեանքը կը խլէ` այսպիսով բազմացնելով մեր ստացած հարուածները:

Միւս կողմէ, թշնամին օրէ օր աւելի նուաճումներ կ՛արձանագրէ: Այս բոլորը կը նշանակեն, որ մեր ունեցած ամէն տեսակի վնասներուն դէմ յանդիման մենք` իբրեւ ազգ, պէտք եղած լուծումներուն չենք հասած տակաւին: Նոր սերունդը իր ազգային պատասխանութեան պարտականութենէն զերծ պահելով մեր դիմադրողականութեան ուժին մեծ մասը կը տկարացնենք: Հայաստանի վերանկախութիւնը 30 տարիներ առաջ յոյսի եւ վերածնունդի հիմնաքարը հանդիսացաւ, սակայն դժբախտաբար անհրաժեշտ գործի պակասը չկարողացաւ մեզ իսկական բարգաւաճումի սեմին հասցնել, ընդհակառակն, օրէ օր աւելի վնասներ պատճառեց մեզի, երբ, սահմանափակ եւ ժամանակաւոր նուաճումներով խաբուելով, յանձնուեցանք սուտին:

Արթննա՛նք այլեւս մեր մղձաւանջէն եւ մեր նախահայրերուն կերտած հարստութեան տէրը դառնանք իբրեւ միասնականութիւն` Հայաստան եւ սփիւռք: Ժամանակը հասած է ծանր աշխատանքի… Երբ կ՛ուզենք ունենալ առողջ գարուն, պէտք է ձերբազատինք ամէն տեսակի փուշերէ, որոնք արգելք կը հանդիսանան մեր գունաւոր ծաղիկներուն, որպէսզի անոնք կարենան ծաղկիլ եւ կեանք տալ մեր սիրելի ազգին ու հայրենիքին:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (13 Մարտ 2021)

Յաջորդը

Լեզուն Ոսկոր Չունի, Համացանցն Ալ` Բարոյութիւն…

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.