Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանի Ռազմափորձերը Վտանգ Չեն Ստեղծեր Շրջանին Մէջ Անվտանգութեան Համար» Կ՛ըսէ Զախարովա

March 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու մարտավարական ռազմափորձերը, որոնք պիտի կատարուին 15-18 մարտին, կանոնաւոր բնոյթ կը կրեն եւ շրջանին մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան համար վտանգներ չեն ստեղծեր: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յառաջիկային սպասուող ազրպէյճանական զօրքերու ռազմափորձերը մեկնաբանելով ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Սովորաբար ռազմափորձեր կը կատարեն Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրները: Ատիկա կը կատարուի կանոնաւոր սկզբունքով, համապատասխան տեղեկութիւնը ժամանակին կը տրամադրուի հետաքրքրուած կողմերուն: Մեր ունեցած տեղեկութիւններով` վերոնշեալ ռազմափորձերը, ինչպէս արդէն նշեցի, կանոնաւոր բնոյթ կը կրեն եւ ուղղուած են զօրքերու մարտունակութեան բարձրացման», աւելցուց դիւանագէտը` անդրադառնալով համապատասխան հարցումին:

Զախարովա անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմի հերոսներուն նուիրուած յուշակոթողներուն նկատմամբ վանտալիզմի դրսեւորումներուն:

«Անթոյլատրելի եւ անբարոյական կը նկատենք Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն նացիականութեան դէմ հերոսական պայքար մղած անձերու յիշատակին նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն», ըսաւ Զախարովա` յոյս յայտնելով, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները պիտի ձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլերուն` կացութիւնը սրագրելու համար:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման ու «Զանգեզուրի միջանցք» ստեղծելու մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան վերաբերեալ հարցումին` ան պատասխանեց. «Կ՛ընդգծենք, որ ընդհանուր առմամբ, թէ՛ Պաքուն, թէ՛ Երեւանը կառուցողական տրամադրուածութիւն կը դրսեւորեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներուն նախագահութեամբ գործող եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան ծիրին մէջ»:

Ան յիշեցուց, որ գլխաւոր խնդիրը շրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման մասին բարձր մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործումն է:

«Յոյս ունինք, որ նման դրական ուղղուածութեան եւ փոխադարձ ընդունելի հաղորդակցութեան կէտերու որոնման շուրջ կեդրոնացումը պիտի գերակշռէ ո՛չ միայն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ, այլ նաեւ լրատուական դաշտի մէջ», աւելցուց Զախարովա:

 

Նախորդը

Ամերիկեան-Եւրոպական Հաղորդագրութիւն Մը Սէուտական Արաբիոյ Անվտանգութեան Նկատմամբ Յանձնառութիւն Կը Յայտնէ Եւ Սանաային Կոչ Կ՛ուղղէ Մագլցողական Քայլերը Դադրեցնելու

Յաջորդը

Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնումը Յայտարարելով` «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւումը Արգիլող Պատճառ Չկայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.