Ռուսիոյ, Քաթարի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները երէկ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ ունեցան Սուրիոյ տագնապի լուծման վերաբերեալ հանդիպում մը, որուն ընթացքին համաձայնեցան պարբերաբար կատարել նոյնպիսի հանդիպումներ: Յաջորդը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ:
«Թուրքիան, Ռուսիան եւ Քաթարը միացեալ ջանք մը կը թափեն Սուրիոյ տասնամեայ տագնապին քաղաքական լուծում մը ջատագովելու համար», ըսաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` աւելցնելով. «Այսօր սկիզբ տուինք եռակողմ խորհրդակցութեան նոր հոլովոյթ մը»:
Չաւուշօղլու հանդիպումի աւարտին յայտնեց. «Մեր նպատակը քննարկելն է, թէ ինչպէ՛ս կրնանք նպաստել Սուրիոյ մէջ մնայուն քաղաքական լուծումի մը ուղղութեամբ ջանքերուն»: Ան աւելցուց, որ հանդիպումի ընթացքին իրենք երեքն ալ շեշտած են, թէ տագնապին միակ լուծումը ՄԱԿ-ի որոշումներուն համահունչ քաղաքական լուծում մըն է:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց. «Հարց տրուած է, թէ ինչո՛ւ մենք ճիշդ հիմա հաւաքուած ենք. մենք հիմա չենք հաւաքուած: Այս ձեւաչափը գոյութիւն ունի աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր: Մեր ներկայացուցիչները առնուազն երեք հանդիպում ունեցած են` կարծիքներ փոխանակելու համար այն հարցին շուրջ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգնել սուրիական տագնապի լուծման` համաձայն թիւ 2254 բանաձեւին: Ի հարկէ, ատիկա ոչ մէկ ձեւով կը փոխարինէ Ասթանայի ձեւաչափը, այլ կ՛ամբողջացնէ զայն»:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտուլռահման Ալ Թանի յայտնեց, որ Տոհայի մէջ իր ռուս եւ թուրք պաշտօնակիցներուն հետ քննարկած է Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու գործիքակազմերը:
Ան նշեց, որ 2011-ին Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութեան առկախման յանգեցուցած պատճառները կը յամենան: Չաւուշօղլու իր կարգին աւելցուց, որ Սուրիոյ կառավարութեան հետ վերջերս արձանագրուող միջազգային հաղորդակցութիւնները այդ կառավարութեան յաւելեալ օրինականութիւն պարգեւելով կը խանգարեն քաղաքական լուծման ջանքերը:
Երեք երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Սուրիոյ անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը շեշտեցին:



