Նկատի ունենալով ցուցարարներուն կողմէ յայտարարուած զայրոյթի շաբթուան բնոյթը, ինչպէս նաեւ այսօրուան զուգադիպող խորհրդարանի լիագումար նիստը, 17 հոկտեմբերի շարժումը կազմակերպած քաղաքացիական ընկերութեան խմբաւորումները կը խոստանան այսօր իրենց բողոքի ձայնը սուր կերպով բարձրացնել` երկիրը փոթորկող ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապին դէմ:
Կը նախատեսուի, որ ցուցարարները բողոքի ցոյցը սկսին ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին դիմացէն, անցնին Կեդրոնական դրամատան մօտէն եւ հասնին դրամատուներու միութեան կեդրոն, ապա տնտեսութեան նախարարութիւն վերջաւորութեան հասնելու համար Նըժմէի հրապարակ:
Մինչ ապահովութեան ուժերը կը խօսին իրենց սպառած ըլլալուն մասին, քաղաքացիական շարժումի ներկայացուցիչ խմբաւորումները կը ծրագրեն բողոքի աւելի կարծր ձեւեր:
Միւս կողմէ, սակայն, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ խորհրդարանի լիագումար նիստին կայացման համար ապահովական արտակարգ միջոցառումներ պիտի որդեգրէ:
Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ լիբանանցի պատասխանատուները ամբաստանեց իրենց երկրին օգտակար չըլլալու յանցանքով` գիտնալով հանդերձ, որ իրենց երկիրը կ՛ուղղուի դէպի կործանում եւ կը դիմագրաւէ տնտեսական ու ընկերային արտակարգ տագնապներ:
«Կրնամ ըսել, որ առանց բացառութեան լիբանանցի քաղաքական բոլոր պատասխանատուները չեն օժանդակեր իրենց երկրին քանդումին կասեցման», ըսաւ ան:



