Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ»-ի Պաշտօնական Ներկայացուցիչին Դէմ Հնչած Լրտեսութեան Մեղադրանքները Անհիմն Են, Եւ Ես Վճռականօրէն Կը Պաշտպանեմ Զինք» Կ՛ըսէ Տիւժարիք

March 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին «անհիմն» որակած է Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիան Քլարք-Հաթթինկի դէմ ուղղուած լրտեսութեան մեղադրանքները: Այս մասին կը հաղորդէ ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը:

«Անոր դէմ հնչած մեղադրանքները… լրտեսութեան մեղադրանքները անհիմն են, եւ ես վճռականօրէն կը պաշտպանեմ զինք: Այն, ինչ որ կրնամ ձեզի ըսել, այն է, ինչ որ ինծի յայտնած են ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գործընկերներս. կազմակերպութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը համաձայնութիւն ձեռք բերած են, որ Մարիան Քլարք-Հաթթինկը այս ամիս պիտի աւարտէ Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչի իր պարտականութիւնը, որմէ ետք ան պիտի նշանակուի այլ յանձնարարութեան կատարման», ըսած է ան եւ աւելցուցած` Քլարք-Հաթթինկը բարձր որակաւորում ունեցող, չափազանց փորձառու եւ նուիրուած մասնագէտ է, որ նախապէս ծառայած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ, ինչպէս նաեւ վարած այլ պաշտօններ Մալեզիոյ, Սոմալի, Կուինէի, Պենինի եւ Մատակասքարի մէջ:

Բացի ատկէ, Տիւժարիք յիշեցուցած է` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը Հայաստանի մէջ կը գործէ 1993 թուականէն ի վեր եւ միշտ սերտ եւ արդիւնաւէտ գործընկերութիւն ունեցած է երկրին կառավարութեան հետ:

Յիշեցնենք, որ նախապէս հայկական «Մետիափորթ» թելեկրամեան ալիքը, վկայակոչելով սեփական աղբիւրները, հաղորդած էր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները դադրեցուցած են Մարիան Քլարք-Հաթթինկի լիազօրութիւնը` անոր նկատմամբ կասկած ունենալով Ազրպէյճանի եւ Բրիտանիոյ օգտին լրտեսութիւն կատարելու համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան այս առնչութեամբ յայտնած էր, որ «հայկական կողմին համար խնդրայարոյց եղած է Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Մարիան Քլարք-Հաթթինկի` իր լիազօրութեան գործադրման գործին  մէջ ունեցած թերացումները եւ ոչ համագործակցային աշխատելաոճը, ուստի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշում տուած է դադրեցնելու անոր` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչի պաշտօնավարումը: Որոշումին մասին ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողը եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչները տեղեակ պահուած են»:

Նախորդը

Իրանի Փոխնախագահը Ձերբակալուած Է Խամենէին Վիրաւորելուն Պատճառով

Յաջորդը

Ազրպէյճան Լայնածաւալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարէ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.