ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ դատաւոր Մարուան Ապպուտը եւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Ժամալ Իթանին: Հանդիպումին ներկայ էին երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արամ Մալեան:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Պէյրութի բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութեանց ի տես քաղաքապետութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեանց գործակցութեան կարելիութիւնները:
Նահանգապետ Ապպուտ եւ քաղաքապետ Իթանի ցաւակցութիւն յայտնեցին նաեւ տոքթ. Սահակ Քէշիշեանի մահուան առիթով:



