Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլը, Կիպրոսը Եւ Յունաստանը Կը Նախատեսեն Միաւորել Ելեկտրականութեան Մատակարարման Իրենց Ցանցերը

March 10, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի իշխանութիւնները կը նախատեսեն միաւորել ելեկտրականութեան մատակարարման ցանցերը: Երեք երկիրներու ուժանիւթի նախարարները երկուշաբթի օր ստորագրած են յուշագիր մը, որով կը նախատեսուի Իսրայէլէն եւ Կիպրոսէն դէպի յունական Կրետէ կղզի ելեկտրական երթուղի կառուցել` 1208 քիլոմեթր ընդհանուր երկարութեամբ: Այս մասին հաղորդեց «Քորրեսփոնտենթ» կայքը` յղում կատարելով Կիպրոսի պետական ՌԻՔ պատկերասփիւռի կայանին:

Ըստ ծրագիրին, 2000 մեկաուաթ հզօրութեամբ ելեկտրական գիծի կառուցումը պէտք է աւարտի 2023 թուականի վերջաւորութեան:

Ծրագիրը Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ հաստատուած էր 2016 թուականին, Եւրոպական Միութիւնը ատոր գործադրութեան համար պիտի տրամադրէ 647 միլիոն եւրօ: Ելեկտրական գիծը պիտի դառնայ աշխարհի վրայ ամէնէն երկար ստորջրեայ հաղորդման գիծերէն մէկը:

Կիպրոսի ուժանիւթի նախարար Նաթաշա Փիլիտիս նշած է, որ գործարքը պիտի ամրապնդէ Իսրայէլի հետ համագործակցութիւնը եւ պիտի դառնայ արեւելեան Միջերկրականի զարգացող ուժանիւթային միջանցքի լրացուցիչ տարր: Ան նախագիծը կոչած է կանաչ տնտեսութեան անցնելու Կիպրոսի ջանքերուն «հիմնաքարը» եւ ըսած, որ անիկա երեք երկիրներուն պիտի օգնէ կատարելու Փարիզի կլիմայի համաձայնագիրով իրենց ստանձնած` ածխաթթու կազի արտանետումները կրճատելու վերաբերեալ պարտաւորութիւնները:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Կիպրոս կը պատրաստուի նմանատիպ համաձայնագիր կնքել Եգիպտոսի եւ Յունաստանի հետ:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Իրաւականը Զիջեցաւ Քաղաքականին

Յաջորդը

Լաւրովի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Շրջանային Գործակցութիւնը Կարեւոր Է, Որ Սուրիան Իր Շրջապատին Վերադառնալ Սկսի, Իսկ «Սիզըր» Օրէնքը Կը Դժուարացնէ Այդ Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Ալ Նահիան

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շուտով Պիտի Աւարտի»

September 18, 2026
Ըստ «Կարտիըն»-ի.  Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ  Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Կարտիըն»-ի. Ուաշինկթըն Օմանի Մէջ Հուսիներու Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք Որոշած Է Սէուտական Արաբիոյ Չօգնել

September 18, 2026
Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու  Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է
Միջազգային

Իսրայէլ Մարոքի Հետ Դեսպանատուներու Բացման Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.