Իսրայէլեան ընկերութիւնները Ազրպէյճանի կառավարութեան առաջարկած են` աջակցիլ Արցախի տարածքի «վերաշինութեան»: Այս մասին թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած է Թուրքիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Իպրահիմ Հազարը:
Նախապէս Պաքուին օգնութիւն առաջարկուած էր Թուրքիայէն, Իրանէն, Բրիտանիայէն, Իտալիայէն, Հունգարիայէն եւ Ճափոնէն:
«Ազատագրուած տարածքներու վերականգնումը պիտի իրականացուի տարածաշրջանի պատմական ժառանգութեան պահպանման պայմանով` ճարտարագիտական նորմուծութիւններու զուգահեռ», ըսած է դեսպանը:
Ըստ Հազարի, Նախիջեւանի միջանցքը, որ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի զինադադարին վերաբերող յայտարարութեան կէտերէն մէկն է, ստեղծած է շրջանային համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ, որոնցմէ հիմնականն է երկաթուղիով ապրանքներ արտածելը: Շոգեկառքերը արդէն սկսած են անցնիլ Ազրպէյճանէն` Պոլիսէն Կեդրոնական Ասիա եւ նոյնիսկ Չինաստան տանող ճամբով:
Ան նաեւ նշած է. «Հայաստանի յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած նիւթական վնասը կը կազմէ աւելի քան 50 միլիոն տոլար»:



