Թուրքիան արդէն սկսած է «Պայրաքթար Թի.Պի.2» անօդաչու սարքեր կազմել Ուքրանիոյ համար: Պատրաստութիւնը տեղի կ’ունենայ Պոլսոյ մէջ գտնուող «Պայքար Տիֆենս» օդանաւերու գործարանին մէջ: Այս մասին Դիմատետրի վրայ գրած է ուքրանացի երեսփոխան Իկոր Քոփիթին:
«Այսօր պաշտպանութեան փոխնախարար Օլեքսանտր Միրոնիուքի եւ Ուքրանիոյ ծովուժի հրամանատար Օլեքսի Նեյժփափայի հետ հետեւեցանք Պոլսոյ «Պայքար Տիֆենս»-ի մէջ տեղի ունեցող «Թի.Պի.2» անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան աշխատանքին», ընկերային ցանցի վրայ նշած է երեսփոխանը:
Ան շեշտած է, որ թրքական կողմը հաւատարիմ կը մնայ ուքրանական զինեալ ուժերուն առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւններուն:
«Այս եզակի կարելիութիւնը պիտի ամրապնդէ մեր պետութեան պաշտպանունակութիւնը, իսկ նոյնքան կարեւոր է այն, որ այս քայլը պիտի ընդլայնէ երկու երկիրներուն ներկայութիւնը պաշտպանական արդիւնաբերութեան արտաքին շուկաներուն մէջ», աւելցուցած է Քոփիթին:



