Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ . Մշարրաֆիէ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

March 8, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ Դամասկոսի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Խալետ Ռահմունի, ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար Սալուա Ապտալլայի, կենսոլորտի նախարար Հիւսէյն Մախլուֆի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մոհամետ Ռամի Մարթինիի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը:

Մշարրաֆիէ Դամասկոսի մէջ յայտարարեց, որ քննարկած է լիբանանեան-սուրիական գործակցութիւնը ամրապնդելու միջոցները` տեղահանուածներուն ապահով  տունդարձ մը ապահովել կարենալու համար:

Ան յայտնեց, որ այդ այցելութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ տեղահանուածներուն տունդարձը երաշխաւորել, յատկապէս` Լիբանանի վկայած ներկայ տնտեսական ծանր պայմաններուն եւ սուր տագնապին լոյսին տակ:

Մշարրաֆիէ ըսաւ, որ սուրիական տարբեր շրջաններու մէջ ապահովութեան վերահաստատումը եւ սուրիական պետութեան տրամադրած դիւրութիւնները քաջալերած են սուրիացի տեղահանուածները իրենց հայրենիքը վերադառնալու:

Սուրիոյ կենսոլորտի նախարար Հիւսէյն Մախլուֆ իր կարգին յայտնեց, որ հանդիպումին նպատակն է լիբանանեան կողմին հետ շարունակել աշխատանքները, որպէսզի սուրիացի տեղահանուած քաղաքացիները ապահով վերադառնան Սուրիա:

Մախլուֆ նկատել տուաւ նաեւ, որ քննարկուած են տեղահանուածներուն փոխադրամիջոցներ, փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ յարմար բնակարաններ ապահովելու կարելիութիւնները:

Մշարրաֆիէ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մըքտատի հետ` քննարկելու համար վերոնշեալ թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

 

Նախորդը

Ամալ Ապու Զէյտ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Պոկտանովի Հետ

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կառավարութիւն Մը Կազմելու

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.