Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին, արտասահմանցի հանդիսատեսներուն ներկայութեան գծով որոշում մը պիտի տրուի այս ամսուան կէսէն ետք:
Նշուեցաւ, որ անոր կազմակերպիչ յանձնախումբը նախ որոշում պիտի տայ, թէ որքա՞ն պիտի ըլլան տեղացի համակիրները, ապա պիտի յստականայ օտար երկիրներէ ժամանելիք հանդիսատեսներուն թիւը:
Կը կարծուի, որ ողիմպիական ջահին փոխանցավազքէն ետք (25 մարտ) այս գծով յստակ որոշում մը պիտի տրուի:
Սակայն այստեղ տեղին է նշել, որ ճափոնցիներուն աւելի քան 90 տոկոսը կը կարծէ, որ խաղերը պէտք է կատարուին… առանց հանդիսատեսներու, կամ` նուազագոյն թիւով մարզասէրներու ներկայութեան:



