Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննա Նաղդալեան. «Զանգեզուրը «Ազրպէյճանական Պատմական Տարածք» Կոչելը Մարտահրաւէր Է Միջազգային Իրաւունքին»

March 6, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան արձագանգեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան Զանգեզուրը կոչեց «ազրպէյճանական պատմական տարածք» ու յայտարարեց, թէ պիտի լուծէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, եւ թէ կեանքի կոչած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը: Ալիեւ ըսաւ, որ «երթեւեկի նոր միջանցքը պիտի անցնի Ազրպէյճանի պատմական տարածքով` Զանգեզուրով, եւ պիտի միացնէ Ազրպէյճանի հիմնական մասը երկրի անբաժան մաս հանդիսացող Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ հետ»:

Նաղդալեան շեշտեց, որ 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան 9-րդ կէտին մէջ ոչ մէկ խօսք կայ որեւէ միջանցքի ստեղծման մասին: Ըստ անոր, Զանգեզուրը անուանելով «ազրպէյճանական պատմական տարածք» եւ յղում կատարելով մտացածին «միջանցք»-ին, Ազրպէյճանի նախագահը նմանօրինակ սադրիչ յայտարարութեամբ դիտաւորեալ ձեւով կը տապալէ 9 նոյեմբերի եւ 11 յունուարի եռակողմանի յայտարարութիւններուն կեանքի կոչումը:

«Նման հռետորաբանութիւնը կը հակասէ Ազրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն, անիկա անթաքոյց մարտահրաւէր է միջազգային իրաւունքին եւ որեւէ ձեւով չի նպաստեր շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման, ինչ որ սպառնալիք է շրջանի բոլոր պետութիւններուն համար», ըսաւ Նաղդալեան:

Ան նաեւ անդրադարձաւ Ալիեւի այն յայտարարութեան, որ պիտի լուծէ տագնապը եւ կեանքի կոչէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը` շեշտելով, որ Ազրպէյճանի նախագահին այն պնդումները, որ Ազրպէյճան ռազմական ուղիով լուծած է ղարաբաղեան տագնապը, անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ ո՛վ է պատերազմի եւ ուժի կիրարկման նախաձեռնողը եւ ո՛վ շրջանը կը տանի հետագայ ապակայունացման եւ փորձութեան ճանապարհով: «Ինչպէս միշտ, Ազրպէյճանը կը խեղաթիւրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու դրոյթները, թէեւ այդ նոյն բանաձեւերը իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն Մինսքի խմբակի խաղաղ գործընթացին, զոր կը գլխաւորեն Մինսքի խմբի համանախագահները:

«Ազրպէյճանի նախագահը Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ գործընթացին  վերաբերեալ իր յայտարարութիւններով կը հակադրուի միջազգային հանրութեան, եւ նախ եւ առաջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան, համանախագահ երկիրներու դիրքորոշումին, որ յստակօրէն կ՛ընդգծէ, որ տագնապը պէտք է ունենայ համապարփակ լուծում: Մեզի համար ակնյայտ է, որ ուժի կիրարկումով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճնշման փորձը չի կրնար հիմքեր ստեղծել տագնապի լուծման համար: Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի գործադրումը եւ պատերազմի հետեւանքներու վերացումը տագնապի լուծման առանցքային բաղադրիչներն են», դիտել տուաւ Աննա Նաղդալեան:

 

 

Նախորդը

Արդարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Կեդրոնը Կը Համագործակցի Միջազգային Եւ Համեմատական Իրաւունքի Կեդրոնին Հետ Ապահովելու Հայ Զինուորների Ազատ Արձակումը

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Որեւէ Կառոյց, Եթէ Փորձէ Կայացնել Հակապետական Որոշումներ, Պիտի Ենթարկուի Քաղաքացիներու Ճնշումին»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.