Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումը Կը Շարունակուի` Լիբանանցին Տիրող Կացութեան Դէմ Իր Բողոքը Կ՛արտայայտէ Ճամբաները Փակելով

March 6, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան դրամանիշի արժէքի անկում, սղաճ, աղքատութիւն, համաճարակ. երկիրը դէպի մութ փապուղի առաջնորդող բոլոր յատկանիշները, որոնք կրնան աւելի վտանգաւոր դառնալ, եթէ այդ փապուղին իսկապէս անելանելի ըլլայ, այլ խօսքով` կարելի չըլլայ երկրին տնտեսական տագնապին լուծումը բարեկարգումներով ապահովող կառավարութիւն մը կազմել:

Ներկայ իրավիճակէն յոգնած ու զայրացած քաղաքացիները երէկ չորրորդ օրն ըլլալով շարունակեցին արտայայտել իրենց բողոքը` փակելով ճամբաներ եւ ստեղծելով երթեւեկի խճողումներ:

Այս առումով, երէկ հրկիզուող անիւներով փակուեցան Ռինկի կամուրջը, Մարզական աւանի մայրուղին, քուէյթեան դեսպանատան խաչմերուկը, Նաամէի եւ Ժալ էլ Տիպի մայրուղիները` երկու ուղղութեամբ, Սաատիյաթի մայրուղին, Ճիւնիի եւ Զուք Մուսպեհի մայրուղիները, Սայտայի Նըժմէ հրապարակը, Զահթարի մզկիթին փողոցը, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը, Սելիմ Սլամ փապուղին, Շուէյֆաթի ճամբան, Շեվրոլէ-Ֆըրն Շըպպեք ճամբան, Հասպայայի Սուք Խան խաչմերուկը, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը եւ Պըտտաուիի մայրուղին:

Կէս գիշերին ցուցարարները հրկիզուող անիւներով փակեցին նաեւ Թարշիշ-Զահլէ ճամբան` երկու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Պաալպեքի Ժապալի հրապարակը, Եսուհ Մալաք-Զուք Մուսպեհ եւ Պաթրուն-Թրիփոլի մայրուղիները:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3202 վարակուածներ եւ 52 մահացածներ:

Նշենք, որ երէկ Սայտայի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի նոր բաժանմունքի մը` հոն գտնուող թրքական հիւանդանոցին մէջ:

Ներկայ էին առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան, Պատուաստումի ազգային շտապի պետ Ապտել Ռահման Պըզրի, Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքան Չաքըլ, հիւանդանոցի տնօրէն Մունա Թիրիաքի, ինչպէս նաեւ այլ պատասխանատուներ:

Այս առիթով Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պատուաստումի արշաւը հեզասահ կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն  Լիբանան պիտի հասնին 192 հազար «Ասթրազենիքա» պատուաստներ:

ՆՇԵՆՔ, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պետական եւ սեփական դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ արհեստից վարժարաններու առցանց բոլոր դասաւանդումները պիտի դադրին: Ան ընդվզում յայտնեց կրթական մարզը առաջնահերթ չնկատելու վարուելակերպին դէմ` հաստատելով ուսուցիչին աշխատավարձը ապահովելու, ինչպէս նաեւ զայն պատուաստելու առաջնահերթութիւն ընծայելու կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Լիբանանցի Ղեկավարներ Կ՛ողջունեն Ֆրանչիսկոս Պապի Իրաք Այցելութիւնը

Յաջորդը

«Ազգ, Բանակ, Յաղթանակ». Հանրահաւաք` Բաղրամեան Պողոտային Վրայ

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.