Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան կառուցողական կերպով պիտի համագործակցին Սուրիոյ մէջ հասարակաց շահերը յառաջ մղելու ուղղութեամբ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայս` պատասխանելով Իտլիպի շուրջ թուրք-ամերիկեան համագործակցութեան մասին հարցումի մը:
«Մենք Սուրիոյ մէջ թուրք գործընկերներու հետ հասարակաց շահեր ունինք: Պիտի շարունակենք կառուցողական կերպով աշխատիլ Թուրքիոյ հետ` մեր հասարակաց շահերը յառաջիկային յառաջ մղելու ուղղութեամբ», ըսած է Փրայս:



