Երէկ` չորեքշաբթի, 3 մարտին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ներկայացուցիչներ` վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի անդամ Վահրամ Բաղդասարեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան տեսակցեցան հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակի հանգուցալուծման, վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ լարուածութեան թուլացման ուղիներուն շուրջ: Շարժումի ղեկավարները ներկայացուցին իրենց մօտեցումներն ու տեսակէտները:



