Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Տեղքայլի Մէջ

February 23, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի կը ծրագրէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Քուէյթ մեկնիլ, Լիբանանի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ 18 նախարար հաշուող կառավարութիւն պիտի չկազմուի, այլ ճիգեր ի գործ կը դրուին 22 կամ 24 նախարարներէ բաղկացող կառավարութիւն մը կազմել:

Այս լուրերուն զուգահեռ, Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ երէկ գիշեր հերքեցին նման ճիգերու գոյութիւնը` վերահաստատելով, որ Հարիրի կառչած կը մնայ 18 նախարարով կառավարութիւն կազմելու իր կեցուածքին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ տեղքայլի մէջ:

Մինչ քաղաքական այդ հոլովոյթին տեղքայլը կը շարունակուի, օրական իր ապրուստը շահելու լիբանանցիին պայքարը աւելի կը թէժանայ ու կարգ մը շրջաններու մէջ կը վերածուի բողոքի ցոյցերու:

Այդ ցոյցերը երէկ դրսեւորուեցան Համրայի մէջ, Ժալ Էլ Տիպի մայրուղիին վրայ, Սայտայի մէջ, Անթիլիասի մայրուղիի մասնակի փակումով, իսկ երեկոյեան Քարանթինա-Կեդրոնական Պէյրութ մայրուղիի փակումով:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շնորհաւորեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը` Պասքեթպոլի Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի մրցումները յաջողութեամբ աւարտելու առիթով:

Ան շեշտեց, որ ինք վստահ է, թէ անոնք նոյն կորովով պիտի շարունակեն մրցումները` Լիբանանի անունը բարձր պահելու համար:

Այս բոլորին զուգահեռ, երէկ Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերուն ընտանիքները այցելեցին Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի:

Հանդիպումէն ետք զոհերուն ընտանիքներուն անունով բանբեր մը յայտնեց, թէ Պիթար ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ այս իմաստով եւ` առանց ջանք խնայելու:

Ան հաստատեց նաեւ, որ զոհերուն ընտանիքներէն կարգ մը անհատներ կը նախընտրեն ուղղուիլ միջազգային հետաքննութեան ընտրանքին` աւելցնելով, որ անոնք իրաւունք ունին որոնելու ճշմարտութիւնը` մասամբ ամոքելու համար իրենց հարազատներուն կորուստին ցաւը:

Ան յայտնեց նաեւ, որ Պիթար հետաքննութիւնը պիտի շարունակէ այն կէտէն, ուր հասած էր նախորդ դատաւոր Ֆատի Սուուան:

«Մենք Թարեք Պիթարին երեք շաբթուան ժամանակ կու տանք հանգիստ գործելու: Դատաւոր Պիթար վճռակամ է եւ անաչառ, իսկ մենք քայլ առ քայլ պիտի հետեւինք հետաքննութեան ճակատագիրին», ըսաւ ան:

Այս շրջագիծին մէջ Հզօր հանրապետութիւն պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ժորժ Օքէյս, Ֆատի Սաատ, Իմատ Ուաքիմ եւ Էտի Ապի Լամաա, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտիի հետ, որուն յանձնեց բողոքագիր մը` պահանջելով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին միջազգային հետաքննութիւն բանալ` իմանալու համար այդ պայթումին ծալքերը:

Հանդիպումէն ետք Օքէյս յայտնեց, որ Ռուշտիի յանձնած են բողոքագիր մը, որուն մէջ պահանջած են միջազգային հետաքննութեան խմբակ` բացայայտելու համար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները:

Ան հաստատեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան այդ պայթումին վերաբերող ճշմարտութեան բացայայտումին, արդարութեան հաստատումին եւ զոհերու ընտանիքներուն տրամադրուելիք հատուցումներուն:

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ուեհպէի Եւ Մեծարեց «Արքանսիել»-ը

Յաջորդը

Վազգէն Մանուկեանի Յայտարարութիւններուն Առիթով Յարուցուած Է Քրէական Գործ

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.